Ազգային ժողովը կը շարունակէ հերթական նստաշրջանի աշխատանքները: Երկար ընդմիջումէ ետք նիստը կը վարէ ԱԺ նախագահ Արարատ Միրզոյեանը, որ 9 նոյեմբերի գիշերուայ դէպքերէն ետք բուժում կը ստանար:
Նիստը սկսած է երէկ քննարկուած նախագիծերու քուէարկութիւններով, որոնց մասնակցած են միայն «Իմ քայլի» պատգամաւորները: Բոլոր նախագիծերն ընդունուած են: