Հայաստան- Ռուսաստանի հայերու միութեան նախագահը մեծ քաղաքականութիւն մուտք պիտի գործէ: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ հայրենի «Արմէնբրէս»ը: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, Արա Աբրահամեան անհանգիստ է Հայաստանի մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակին համար եւ այդ առումով մտադիր է նոր կուսակցութիւն մը հիմնել ու մասնակցիլ յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն: Աբրահամեան նաեւ յայտնած է, թէ իր յառաջիկայ քայլերը նախապատրաստելու համար ծրագիրներ կը կազմեն տարբեր ոլորտի մասնագէտներ Ռուսիայէն եւ արտերկրէն: