image

«Ապրեցաւ, ինչպէս քարոզեց...». Գահիրէի մէջ յարգած են մեծ նուիրեալ Համօ Օհանջանեանի յիշատակը (Լուսանկարներ)

«Ապրեցաւ, ինչպէս   քարոզեց...». Գահիրէի մէջ յարգած են  մեծ  նուիրեալ Համօ Օհանջանեանի  յիշատակը (Լուսանկարներ)

Եգիպտոսի  մայրաքաղաք  Գահիրէի   մէջ   օրերս   յարգած են   Հայաստանի Առաջին Հանրպետութեան կերտիչներէն վարչապետ Համօ Օհանջանեանի յիշատակը։ Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ Գահիրէի իր աղբիւրէն։

Մեր աղբիւրը նաեւ  նշեց,  որ յաւարտ Սուրբ  եւ Անմահ պատարագի, խումբ մը հայորդիներ ուղղուած են Գահիրէի  Ազգային գերեզմանատուն, որ ի շարս մեծաթիւ երեախտաւորներու կը ննջէ նաեւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան նուիրեալ գործիչներէն  վարչապետ՝ Համօ  Օհանջանեանը։

 


 

Նշենք, որ յարգանքի  արարողութեան ներկայ  եղած է նաեւ  Եգիպտոսի թեմի առաջնորդ  Տ. Աշոտ  եպս.Մնացականեանը։

Ի դէպ անմահանուն Օհանջանեանի շիրիմին վրայ փորագրուած է շատ վաւերական եւ գործիչի ողջ  կեանքին յարիր  գրութիւն մը ՝ «Ապրեցաւ, ինչպէս   քարոզեց»  գրութիւնը։