«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ «Միջազգային ճգնաժամային խումբի» (International Crisis Group) մէջ Սուրիական հակամարտութեան հարցով վերլուծաբան Արմենակ Թոքմաճեանը:
-Սուրիոյ իրադարձութիւններուն հետեւողներուն համար ակներեւ էր, որ յատկապէս վերջին շրջանին դարձեալ ուշադրութեան կեդրոն կը դառնար Մընպէճ քաղաքը, այս առաջին անգամը չէ որ Մընպէճի մասին տեղեկութիւններ կը հրապարակուէր, կը խօսուէր նաեւ թուրք-ամերիկեան որոշ համագործակցութեան մասին, ձեր տուեալներով ի՞նչ է Մընպէճի կարեւորութիւնը:
Մընպէճի հարցը շատոնց սեղանի վրայ էր, բայց Թուրքիան առաջնահաերթութիւնը տուած էր Իտլիպին եւ Աֆրինին, իսկ հիմա երբ Իտլիպի մէջ թրքական զօրք տեղակայուած է եւ Աֆրինն ալ իրենց տիրապետութեան տակ է, հերթը հասած է Մընպէճին...։ Ինչպէս նշեցի, Մընպէճի հարցը վաղուց սեղանի վրայ էր, որովհետեւ ըստ թուրք-ամերիկեան բանաւոր համաձայնութեան,երբ 2016 թուականին քրտական զօրքեր կը տարածուէին այնտեղ, անոնք չպէտք է հատէին Եփրատի արեւելեան ափը եւ հասնէին Մընպէճ, բայց ի հակառակ իրենց պայմանաւորուածութեան՝ հասան մինչեւ Մընպէճ: Այսինքն Թուրքիոյ համար այս հարցը յուզող է եւ գոնէ Օգոստոս 2016-էն ի վեր Թուրքիան Ամերիկային տարբեր ձեւերով յորդորած է, որ քրտական զօրքերը քաշուին հոնկէ: Պէտք է նշել նաեւ, որ Մընպէճի եւ Աֆրինի պարագան նոյնը չէ, Աֆրինի մէջ ամերիկեան զօրքեր չկային, իսկ Մընպէճի մէջ կայ, հետեւաբար հարցը աւելի խրթին է եւ տարբեր, Մընպէճը թրքական սահմանին համեմատաբար մօտ գտնուող մեծ քաղաքներէն մէկն է եւ այն իրողութիւնը, որ քրտական ուժերը կը ղեկավարեն այդ քաղաքը, Թուրքիոյ կ'անհանգստացնէ եւ իրենք այդ հարցը կ'ընդունին որպէս ազգային անվտանգութեան խնդիր: Այսինք Մընպէճի կարեւորութիւնը մեծ է եւ թուրքերը պիտի չհանգստանան մինչեւ որ բանաձեւի մը, կամ համաձայնութեան մը գան ամերիկացիներու հետ՝ քիւրտերուն այդ քաղաքէն հանելու համար:
-Ինչքանո՞վ ճշմարտացի է որ Թուրքիա եւ Միացեալ Նահանգներ պիտի գործակցին Մընպէճի մէջ:
Վերջին շրջանին շատ տարածուեցաւ այս միտքը, թէ ինչ որ ամերիկա-թրքական համաձայնութիւն կայ Մընպէճի նկատմամբ, սակայն դեռ ոչ մէկ հաւաստի տուեալ կայ այդ մասին։ Պէտք է սպասել ԱՄՆ պետքարտուղար Փոմփէիոյի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի 4 յունիսի սպասուած հանդիպման, որպէսզի մանրամասնութիւնները հասկնալի ըլլան։ Ամենայնդէպս կարելի է քանի մը փաստ արձանագրել, որոնցմէ առաջինը այն է, որ այնքան ժամանակ, որ ամերիկեան ռազմակայանները եւ զօրքերը տեղակայուած են Մընպէճի մէջ, Թուրքիան ոչ մէկ ռազմական բնոյթի քայլ պիտի ձեռնարկէ քիւրտերուն դէմ, այդ մէկը բացառուած է, իսկ երկրորդ իրողութիւնը այն է, որ մինչ Փոմփէիոյի Արտաքին Գործոց նախարար նշանակուիլը, թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները շատ լարուած էին, յատկապէս քրտական հարցի շուրջ եւ հիմա այս առումով Փոմփէիոյի պարտականութիւնը դժուար է,տեսնենք թէ ինչ որ փոփոխութիւն տեղի պիտի ունենայ այդ յարաբերութեանց մէջ, իսկ երրորդ եւ ամենակարեւոր փաստը այն է, որ թուրք-ամերիկեան համատեղ զօրքերու ներկայութեամբ բացառուած է , որ քիւրտերը ներկայութիւն ունենան Մընպէճի մէջ։
-Թրամբի ղեկավարութիւնը տարբեր առիթներով հաւաստիացուցած է, որ նեցուկ պիտի կանգնի քիւրտ զինեալ խմբաւորումներուն եւ այդ առումով ալ բացայայտ կերպով Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ պատերազմի տարբեր փուլերուն զինեց քրտական ջոկատները, ձեր տեսակէտով արդեօք պիտի շարունակուի՞ այս գործակցութիւնը:
Ամերիկան քրտական խմբաւորումներուն հետ դեռ շահեր ունի եւ պիտի շարունակէ նեցուկ կանգնիլ՝ տարբեր պատճառներով, օրինակառաջին պատճառը այն է, որ իսլամական պետութիւնը դեռ ներկայ է եւ ռազմաքաղաքական տեսանկիւնէ դեռ իրենք ՝քիւրտերը ինչ որ ուժ կը ներկայացնեն Սուրիոյ հիւսիս արեւելեան շրջանին մէջ, իսկ Ամերիկան անոնց դէմ չի կրնար պայքարիլ առանց քրտական ուժերուն, որոնք գետնի վրայ կը գտնուին, իսկ ամերիկեան զինուորները Սուրիոյ մէջ ունին աւելի խորհրդականի լիազօրութիւն եւ ոչ թէ աքթիւ զինուորի լիազօրութիւն: Երկրորդ պատճառը՝ եթէ վերցնենք Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջանը, այնտեղ կը գտնուին քրտական զօրքերը, կան նաեւ սուրիական զօրքեր եւ խմբաւորումներ, որոնք իրանամէտ են կամ Իրանին կը հետեւն, կամ՝ խմբաւորումներ որոնք Ռուսաստանին կը հետեւին, այս խմբաւորումները շրջանին մէջ ինչ որ ռազմավարական հաւասարակշռութիւն կը ստեղծեն եւ եթէ Ամերիկան իր ռազմական յարաբերութիւնը խզէ քիւրտերուն հետ, այս հաւասառակշռութիւնը կը խախտուի եւ իրենք դուրս կու գան որպէս պարտուող, հետեւաբար - ռազմավարական տեսանկիւնէ, յառաջիկայ ամիսներուն ես չեմ կարծեր, որ ամերիկան մեծ փոփոխութիւն կը մտցնէ իր որդեգրած քաղաքականութեան մէջ՝ քիւրտերու հանդէպ:
Անշուշտ այս չի նշանակեր, որ Ամերիկայի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարները ինչ որ բանաձեւի մը շուրջ չեն համաձայնիր Մընպէճի մէջ, բայց այնուամենայնիւ յառաջիկայ օրերուն ամերիկա-քրտական յարաբերութիւնները պիտի մնան իրենց նոյն հունին վրայ:
-Ի՞նչ ապագայ կը սպասէ քիւրտերուն Սուրիոյ մէջ:
Այս վերջին երկու տարուան ընթացքին, քրտական դիրքը, ըլլայ ռազմական, ըլլայ քաղաքական՝ տկարացած է, միաժամանակ տկարացած է անոնց ինքնավար շրջաններ ստեղծելու յոյսերը՝ բազմաթիւ պատճառներով, թուարկենք այդ պատճառները.-
Առաջին պատճառը այն է, որ թուրքերը երբեք հանդուրժողական չեն ըլլար Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող ոչ մէկ քրտական ազատական, վարչական կամ անջատողական ինչ որ մարմինի հանդէպ, կան տարբեր պատճառներ, բայց օրինակ եթէ համեմատենք Իրաքի քիւրտիստանին հետ, Սուրիոյ քիւրտերու կամ քրտական կառոյցներու պարագան՝ ըլլայ ռազմական կամ քաղաքականական՝ տարբեր են, որովհետեւ ի տարբերութիւն Իրաքի, Սուրիոյ մէջ կ'իշխեն ՓՔՔ-ի ներկայացուցիչները եւ այդ մէկը Թուրքիոյ համար անընդունելի է, որովհետեւ ՓՔՔ-ն եղած է Թուրքիոյ տասնեակ տարիներու թշնամին, հետեւաբար Թուրքիան պատրաստ կ'ըլլայ պատերազմ մղելու Սուրիոյ մէջ գտնուող քիւրտերուն դէմ , որպէսզի կանխէ որեւէ մէկ անջատողական կամ ինքնորոշման փորձ:
Երկրորդ պատճառը այն է, որ սուրիական պետութիւնը այս երկու տարուան ընթացքին իր ռազմական եւ քաղաքական դիրքը, մեծաւ մասամբ ռուսական օգնութեամբ՝ շատ բարելաւած է, այսինքն եթէ այսօր ինչ որ բանակցութիւններ սկսին քրտական կուսակցութեան եւ սուրիական պետութեան միջեւ, սուրիական պետութիւնը պիտի ունենայ շատ աւելի ուժեղ բանակցային դիրք, հետեւաբար շատ քիչ բան պիտի տայ քիւրտերուն եւ այս իրողութիւնը երկու տարուան ընթացքին է որ փոխուած է:
Իսկ վերջին պատճառը այն է, որ ամերիկացիները պատրաստ չեն քիւրտերու «անկախ պետութիւն» մը կերտելու գաղափարները պաշտպանելու։ Այստեղ կարեւոր կը համարեմ վերյիշեցնել Ամերիկայի Սուրիոյ մօտ նախկին դեսպան Ռոպերթ Ֆորտի այն կարծիքը, որ քիւրտերը չպէտք է մեծ յոյսեր դնեն Ամերիկայի վրայ։