Անգարայի մէջ «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան կեդրոնի պատշգամէն իր յաղթանակի ճառը կարդացած է Թուրքիոյ նախագահական ընտրութիւններու առաջին հանգրուանին յաղթանակած Էրտողան: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ Մայատին» լրատուական կայքը:
Ելոյթի ընթացքին Էրտողան շեշտած է, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ սուրիական հողերու ազատագրման ուղղութեամբ իրականացուող ռազմական գործողութիւնները, որպէսզի գաղթականները հնարաւորութիւն ունենան իրենց երկիրը վերադառնալու:
Էրտողան խոստացած է նաեւ, որ Թուրքիա առաւել բուռն կերպով պիտի պայքարի ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն դէմ: