image
Հրատապ լուրեր:

Անգարա- Եւրոպա «Բարձր լարում»

Անգարա- Եւրոպա «Բարձր լարում»

Ըստ եւրոխորհրդարանի յղած զեկոյցին, եւրոխորհրդարանի պատուիրակութեան «քաղաքական երկխօսութեան վերադարձի» նպատակով Անգարա այցը յետաձգուած է, Թուրքիոյ կողմէ պատուիրակութեան կազմի վերաբերեալ անհամաձայնութեան պատճառով:

Եւրոխորհրդարանի պատուիրակութիւնը պիտի ներկայացնէին՝ գերմանացի երեսփոխան Էլմար Պրօք (պահպանողական) եւ հոլանտացի Քէյթի Պէրի (ընկերվարական): Խորհրդարանական աղբիւր մը յայտնած է, թէ «Թուրքերը համաձայն էին Պրօքի հետ հանդիպման, սակայն կը դժուարանային հանդիպիլ Պէրիին, Թուրքիոյ նկատմամբ, անոր  ժխտական  դիրքորոշուներուն պատճառով»:

Յետ յուլիսեան յեղափոխութեան, երկրին մէջ տիրող պաշտօնափոխութիւններուն, որոշուած էր, որ եւրոխորհրդարանի պատուիրակութիւնը հանդիպումներ պիտի կայացնէր ընդդիմութեան   եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն հետ:

Պրիւքսէլի մէջ, եւրոպական հարցերու թուրք նախարար՝ Օմար Չելիքի եւ եւրոխորհրդարանի նախագահ՝ Մարթին Շուլցի հանդիպումէն ետք, վերջինս որոշած է «այցելութիւնը յետաձգել մինչ խորհրդարանի իրաւասութիւններու արժեւորումը»:

Եւրոպացի երեսփոխաններ պահանջ ներկայացուցած են Թուրքիոյ եւրոխորհրդարան անդամակցութեան կասեցման առնչութեամբ, քննադատելով երկրին  մէջ տիրող ժողովրդավարութիւնը:

Իր կարգին, Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան զգուշացուցած էր Պրուքսէլը արագցնել  որոշումները, եւ սպառնացած տարեվերջին ժողովրդական հանրաքուէ կայացնել Թուրքիոյ եւրոխորհրդարան անդամակցութեան  շուրջ:

 

 Յիշեցնենք, որ   Էրտողան   ելոյթի մը ընթացքին ծանր եւ վիրաւորական  ոճ   օգտագործած էր Շուլցի   մասին խօսած պահուն: