Ըստ եւրոխորհրդարանի յղած զեկոյցին, եւրոխորհրդարանի պատուիրակութեան «քաղաքական երկխօսութեան վերադարձի» նպատակով Անգարա այցը յետաձգուած է, Թուրքիոյ կողմէ պատուիրակութեան կազմի վերաբերեալ անհամաձայնութեան պատճառով:
Եւրոխորհրդարանի պատուիրակութիւնը պիտի ներկայացնէին՝ գերմանացի երեսփոխան Էլմար Պրօք (պահպանողական) եւ հոլանտացի Քէյթի Պէրի (ընկերվարական): Խորհրդարանական աղբիւր մը յայտնած է, թէ «Թուրքերը համաձայն էին Պրօքի հետ հանդիպման, սակայն կը դժուարանային հանդիպիլ Պէրիին, Թուրքիոյ նկատմամբ, անոր ժխտական դիրքորոշուներուն պատճառով»:
Յետ յուլիսեան յեղափոխութեան, երկրին մէջ տիրող պաշտօնափոխութիւններուն, որոշուած էր, որ եւրոխորհրդարանի պատուիրակութիւնը հանդիպումներ պիտի կայացնէր ընդդիմութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն հետ:
Պրիւքսէլի մէջ, եւրոպական հարցերու թուրք նախարար՝ Օմար Չելիքի եւ եւրոխորհրդարանի նախագահ՝ Մարթին Շուլցի հանդիպումէն ետք, վերջինս որոշած է «այցելութիւնը յետաձգել մինչ խորհրդարանի իրաւասութիւններու արժեւորումը»:
Եւրոպացի երեսփոխաններ պահանջ ներկայացուցած են Թուրքիոյ եւրոխորհրդարան անդամակցութեան կասեցման առնչութեամբ, քննադատելով երկրին մէջ տիրող ժողովրդավարութիւնը:
Իր կարգին, Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան զգուշացուցած էր Պրուքսէլը արագցնել որոշումները, եւ սպառնացած տարեվերջին ժողովրդական հանրաքուէ կայացնել Թուրքիոյ եւրոխորհրդարան անդամակցութեան շուրջ:
Յիշեցնենք, որ Էրտողան ելոյթի մը ընթացքին ծանր եւ վիրաւորական ոճ օգտագործած էր Շուլցի մասին խօսած պահուն: