image

«Անձամբ պիտի հանդիպիմ Պոլսոյ կուսակալին» Տեղապահ Տ. Պեքճեան Սրբազան

«Անձամբ պիտի հանդիպիմ Պոլսոյ կուսակալին» Տեղապահ Տ. Պեքճեան Սրբազան

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի տեղապահ Գարեգին արքեպիսկոպոս Պեքճեան, որ  ներկայիս կը գտնուի Գերմանիա, յայտարարած է, որ պատրիարքի ընտրութեան հարցով անձամբ հանդիպում պիտի ունենայ Պոլսոյ նահանգապետին  հետ, այս մասին կը հաղորդէ «Ակօս»ը:


Մեկնաբանելով վերջին շրջանին զարգացող իրադարձութիւնները, Պեքճեանը շեշտած է, որ իրենց կողմէ ձեռնարկուած քայլերը մինչ օրս ամբողջովին համապատասխանած են Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ կանոնադրութեանն ու կը համապատասխանեն Պոլսոյ հայ համայնքի ժողովրդավարական իրաւունքին:

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի տեղապահը յայտնած է, որ շատ շուտով պիտի վերադառնայ Պոլիս եւ շարք մը կարեւոր հանդիպումներ իրականացնէ:

Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ Պոլսոյ նահանգապետարանէն ներս Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութիւններու վերաբերեալ  հանդիպում եղած էր՝ առանց  Տեղապահ Սրբազան հօր մասնակցութեան: Անկէ անմիջապես ետք Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութիւնները նախաձեռնարկ մարմնի ղեկավար Սարգիս Քիւլեկէչ եւ խումբի եւս երկու անդամներ  հրաժարական տուած են:

Անցնող 15 մարտին Պոլսոյ պատրաիրաքարանի յարկին տակ կրօնական ժողովը քուէներու մեծամասնութեամբ Տեղապահ  ընտրած էր Տ. Գարեգին  արք. Պեքճեանը, որուն հիմնական առաքելութիւնն էր նախապատրաստել 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան նախապատրաստական աշխատանքները: