Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի տեղապահ Գարեգին արքեպիսկոպոս Պեքճեան, որ ներկայիս կը գտնուի Գերմանիա, յայտարարած է, որ պատրիարքի ընտրութեան հարցով անձամբ հանդիպում պիտի ունենայ Պոլսոյ նահանգապետին հետ, այս մասին կը հաղորդէ «Ակօս»ը:
Մեկնաբանելով վերջին շրջանին զարգացող իրադարձութիւնները, Պեքճեանը շեշտած է, որ իրենց կողմէ ձեռնարկուած քայլերը մինչ օրս ամբողջովին համապատասխանած են Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ կանոնադրութեանն ու կը համապատասխանեն Պոլսոյ հայ համայնքի ժողովրդավարական իրաւունքին:
Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի տեղապահը յայտնած է, որ շատ շուտով պիտի վերադառնայ Պոլիս եւ շարք մը կարեւոր հանդիպումներ իրականացնէ:
Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ Պոլսոյ նահանգապետարանէն ներս Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութիւններու վերաբերեալ հանդիպում եղած էր՝ առանց Տեղապահ Սրբազան հօր մասնակցութեան: Անկէ անմիջապես ետք Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութիւնները նախաձեռնարկ մարմնի ղեկավար Սարգիս Քիւլեկէչ եւ խումբի եւս երկու անդամներ հրաժարական տուած են:
Անցնող 15 մարտին Պոլսոյ պատրաիրաքարանի յարկին տակ կրօնական ժողովը քուէներու մեծամասնութեամբ Տեղապահ ընտրած էր Տ. Գարեգին արք. Պեքճեանը, որուն հիմնական առաքելութիւնն էր նախապատրաստել 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան նախապատրաստական աշխատանքները: