Ամերիկեան լրատուական աղբիւրներ այսօր լուր հրապարակեցին Իսրայէլ- ամերիկեան զինուորական համաձայնութեան մասին: Աղբիւրները նշած են, որ կնքուած համաձայնութեան հիմամբ Ուաշինկթըն Թէլ Աւիւին պիտի տրամադրէ տաս տարուան վրայ երկարող եւ զինուորական նպատակներով շահագործման դրուելիք 38 պիլիոն ամերիկեան տոլարի վարկ մը, որ պիտի տրամադրուի յառաջիկայ տաս տարիներուն: Կը նշուի նաեւ, որ տարեկան կտրուածքով (տարին 3.8 պիլիոն ամերիկեան տոլար) Ամն-ի կողմէ տրուելիք այս գումարը 300 միլիոն տոլարով կը գերազանցէ անցնող տարիներուն տրամադրուած դրամաշնորհը: Յիշեցնենք, որ Իսրայէլի վարչապետ Բէնիամին Նաթանիահու տարբեր առիթներով եւ խօսելով այս գործարքին մասին ըսած է, թէ ինք դժգոհ է տրամադրուելիք գումարի չափէն, հաւաստելով, որ Իսրայէլ «յարձակողական» զինուորական ծրագրեր մշակելու համար կարիքն ունի տարեկան կտրուածքով 5 պիլիոն տոլարի: Յիշեցնենք, որ երկու կողմերուն միջեւ յարաբերութիւնները անսպասելի վատթարացում գրանցած են մասնաւորապէս անցնող 3 տարիներուն ընթացքին: