image

ԱՄՆ 38 Պիլիոն տոլար պիտի տրամադրէ Իսրայէլին

ԱՄՆ   38 Պիլիոն տոլար  պիտի տրամադրէ   Իսրայէլին

Ամերիկեան   լրատուական    աղբիւրներ  այսօր    լուր հրապարակեցին  Իսրայէլ- ամերիկեան   զինուորական համաձայնութեան  մասին: Աղբիւրները  նշած են, որ  կնքուած  համաձայնութեան հիմամբ   Ուաշինկթըն   Թէլ Աւիւին պիտի տրամադրէ      տաս տարուան  վրայ   երկարող եւ զինուորական  նպատակներով   շահագործման դրուելիք    38  պիլիոն   ամերիկեան  տոլարի  վարկ մը, որ  պիտի տրամադրուի   յառաջիկայ տաս տարիներուն:  Կը  նշուի նաեւ, որ  տարեկան  կտրուածքով  (տարին     3.8 պիլիոն   ամերիկեան տոլար)  Ամն-ի կողմէ  տրուելիք այս գումարը       300  միլիոն տոլարով  կը գերազանցէ  անցնող  տարիներուն  տրամադրուած դրամաշնորհը:  Յիշեցնենք, որ Իսրայէլի վարչապետ Բէնիամին Նաթանիահու տարբեր առիթներով եւ խօսելով այս  գործարքին   մասին ըսած է, թէ ինք  դժգոհ է    տրամադրուելիք գումարի չափէն, հաւաստելով, որ  Իսրայէլ   «յարձակողական»  զինուորական ծրագրեր մշակելու  համար կարիքն ունի      տարեկան  կտրուածքով   5 պիլիոն   տոլարի: Յիշեցնենք, որ  երկու կողմերուն միջեւ  յարաբերութիւնները  անսպասելի    վատթարացում գրանցած են  մասնաւորապէս անցնող    3 տարիներուն   ընթացքին: