image
Հրատապ լուրեր:

Աֆրինը Թուրքիոյ համար Աֆղանիստա՞ն պիտի դառնայ

Աֆրինը Թուրքիոյ համար Աֆղանիստա՞ն  պիտի դառնայ

Ինչպէս տարիներ առաջ Աֆղանիստանի մէջ ԱՄՆ ուժերու աջակցութեամբ Ռուսիա սադրիչ պատերազմ մղեց զինեալ խմբաւորումներու դէմ, հաւանական է, որ Աֆրինի մէջ թրքական ուժերը նման փորձութեան ենթարկուին քրտական ուժերու կողմէ, կը գրէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:

Կայքին փոխանցմամբ, քրտաան ուժերը թրքական զօրքերուն դէմ անսպասելի դաժանութեամբ կը պայքարին, եւ ըստ երեւոյթին, անոնք նախքան Թուրքիոյ կողմէ պատերազմ յայտարարելը արդէն իսկ պատրաստուած էին զինեալ պայքարի:

Նշուած պայմաններուն մէջ կը դժուարանայ թրքական ուժերու կողմէ արագընթաց պայքարով Աֆրինը գրաւելու գործը, եւ յստակ է, թէ Թուրքիա երկար ժամանակ սադրիչ պատերազմի մէջ պիտի ներառուի, որ եւ զգալիօրէն պիտի տկարացնէ զինք ու մարդկային եւ նիւթական մեծ վնասներ պիտի պատճառէ անոր: