image

Թուրքիոյ մէջ. Մեծ մեղադրանք երկրի ընդդիմութեան

Թուրքիոյ մէջ. Մեծ մեղադրանք երկրի ընդդիմութեան

 

Թուրքիոյ փոխնախագահ Ֆուատ Օքթայը ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական ​​կուսակցութիւնը (ԱՀԿ) մեղադրած է Պոլսոյ մերձակայքը գտնուող Մարմարա ծովին մէջ ծովային լորձի առաջացման համար:

 

«Ակնյայտ է, որ ԱՀԿ-ի մտածելակերպը յանգեցրուցած է այս իրավիճակին», - գրած է Օքթայը Թուիթըրի էջին՝ տեղադրելով ծովու ափերը հասած՝ ծովային օրգանիզմներէն անջատուող միացութիւններէն կազմուած լորձային գոյացութեան լուսանկար:

ԱՀԿ-ն կը ղեկավարէ Պոլիսը 2019 թուականէն՝ նախագահ Էրտողանի Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան (ԱԶԿ) եւ անոր իսլամիստական նախորդի 25 տարուան ղեկավարութենէն ետք:  

Անցեալ շաբաթ Էրտողանը խոստացած է երկրի ափերը փրկել ջուրերուն մէջ կուտակուած ծովային լորձէն, որոնք կուտակուելով՝ վնաս կը հասցնեն ծովային կեանքին եւ ձկնորսական արդիւնաբերութեան:

Մասնագէտներու կարծիքով՝ Սեւ եւ Եգէական ծովերը միացնող Մարմարա ծովու հսկայական տարածքներուն մէջ լորձի տարածման պատճառը աղտոտուածութիւնն ու կլիմայի փոփոխութիւնն են: Թուրքիոյ ափամերձ հատուածին մէջ առկայ լորձային զանգուածը կը համարուի պատմութեան մէջ ամենամեծը:

Էրտողանը ծովային լորձի առաջացման պատճառ համարած է ծով լեցուող չմաքրուած կեղտաջուրերը, ինչպէս նաեւ ջերմաստիճանի բարձրացումը: