image
Հրատապ լուրեր:

Աֆրին. Ռուսաստան խաղ կը կատարէ Թուրքիոյ հետ Wall Street Journal

Աֆրին. Ռուսաստան  խաղ կը կատարէ Թուրքիոյ հետ Wall Street Journal

Ամերիկեան «Wall Street Journal» թերթը վկայակոչելով ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնեայի մը խօսքը յայտնած է, որ Ռուսիա Աֆրինի մէջ Թուրքիոյ եւ նախագահ Էրտողանի հետ խաղ կը կատարէ, միաժամանակ շեշտելով, որ Իրանի Սուրիոյ մէջ գտնուելու պայմաններուն մէջ Թուրքիա-Ռուսիա դաշինքը ի վնաս Թուրքիոյ պիտի ըլլայ:

Նշենք, որ մօտ մէկ ամիս առաջ Աֆրինի մէջ թրքական եւ քրտական ուժերու միջեւ սկիզբ առած պայքարի ծիրին մէջ քրտական ինքնապաշտպանութեան ուժերը իրենց օժանդակութիւնը կը ստանան ԱՄՆ-էն: