Shamshyan.com-ի հաղորդմամբ, դէպքի վայր ժամանած են ԱԻՆ փրկարարներու մէկ մարտական հաշուարկ, որ մարած է 28 շէնքի բակին մէջ կայանուած Nissan Tiida մակնիշի 35 OX 487 համարանիշի մեքենային մէջ առաջացած հրդեհը:
Փաստի առթիւ յարուցուած է քրէական գործ ՀՀ Քրէական օրէնսգիրքի 108-րդ յօդուածի (գոյքի դիտաւորեալ ոչնչացում) յատկանիշներով:
Աղբիւրի տեղեկութիւններով՝ նշուած մեքենան կը պատկանի Աբովեան քաղաքի բնակիչ, 46-ամեայ Վահան Սարիբեկեանին, որ Աբովեանի քաղաքապետի ՔՊ թեկնածու Գրիգոր Գուլեանի նախընտրական շտաբներէն մէկուն պետն է:
Մինչ հրշէջներու ժամանումը Վ. Սարիբեկեանի տղան` 26-ամեայ Յարութիւն Սարիբեկեանը, փորձած է մարել կրակը, որ ձեռքերու հատուածին այրուածքներ ստացած է եւ շտապօգնութեան մեքենայով տեղափոխուած է Աբովեան բժշկական կեդրոն:
Ինքնաշարժը դարձած է ոչ պիտանի եւ կատարողը կամ կատարողները ըստ տեղեկութիւններու վարելանիւթ լեցուցած են Սարիբեկեանի տան դրան վրայ եւ այրած դուռը, կրակը տարածուած է նաեւ տան ներսը, եւ շնորհիւ Վ. Սարիբեկեանի տղուն՝ կրակը տան մէջ շատ վնասներ չէ տուած:
