image

ԱԱԾ-ն բացայայտած է կաշառակերութեան մեծ դէպքեր

ԱԱԾ-ն բացայայտած է կաշառակերութեան  մեծ  դէպքեր

Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցները ձեռնարկած են  հետախուզական  եւ քննչական լայնածաւալ  գործողութիւններ, ըստ որու  բացայայտած են կաշառակերութեան  մեծ  դէպքեր: Ինչպէս «Արմենբրես»-ին տեղեկացուցած են,  ՀՀ ԱԱԾ-ի  նախնական տուեալներու համաձայն՝ պարզուած է, որ զինկոմիսարիատի մը  նախկին բարձրաստիճան սպան եւ իր օգնականը, օգտագործելով բժիշկներու  հետ  ունեցած իրենց կապերը, 2019թ ամառնային զօրակոչի ընթացքին,  2000 -15 000 ԱՄՆ տոլար գումարներու դիմաց, կազմակերպած են 9 զորակոչիկի եւ 4 զինապարտի բժշկական կեղծ ախտորոշումներ, պարտադիր զինուորական ծառայութենէ անոնց ազատելու կամ տարկետումներ տրամադրելու : Նաեւ զբաղած են ծառայութեան մէջ գտնուող 2 անձերու վաղաժամկետ զօրացրելու հարցով:

Այս յանցագործութեան դէպքերու կապակցութեամբ  յարուցուած են քրէական գործեր:

Ապացոյցերու հիման վրայ  3 անձի  առաջադրուած է մեղադրանք: Նախկին բարձրաստիճան սպան եւ իր օգնականը ձերբակալուած են:

Կը կատարուի նախաքննութիւն: