Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցները ձեռնարկած են հետախուզական եւ քննչական լայնածաւալ գործողութիւններ, ըստ որու բացայայտած են կաշառակերութեան մեծ դէպքեր: Ինչպէս «Արմենբրես»-ին տեղեկացուցած են, ՀՀ ԱԱԾ-ի նախնական տուեալներու համաձայն՝ պարզուած է, որ զինկոմիսարիատի մը նախկին բարձրաստիճան սպան եւ իր օգնականը, օգտագործելով բժիշկներու հետ ունեցած իրենց կապերը, 2019թ ամառնային զօրակոչի ընթացքին, 2000 -15 000 ԱՄՆ տոլար գումարներու դիմաց, կազմակերպած են 9 զորակոչիկի եւ 4 զինապարտի բժշկական կեղծ ախտորոշումներ, պարտադիր զինուորական ծառայութենէ անոնց ազատելու կամ տարկետումներ տրամադրելու : Նաեւ զբաղած են ծառայութեան մէջ գտնուող 2 անձերու վաղաժամկետ զօրացրելու հարցով:
Այս յանցագործութեան դէպքերու կապակցութեամբ յարուցուած են քրէական գործեր:
Ապացոյցերու հիման վրայ 3 անձի առաջադրուած է մեղադրանք: Նախկին բարձրաստիճան սպան եւ իր օգնականը ձերբակալուած են:
Կը կատարուի նախաքննութիւն: