image

Եոզկաթ Հաստատուած Գաղթական Ուսուցիչը Հայերէն Լեզուի Գիրքեր Կը Խնդրէ (Լուսանկար)

Եոզկաթ Հաստատուած Գաղթական  Ուսուցիչը Հայերէն Լեզուի Գիրքեր  Կը Խնդրէ (Լուսանկար)

Կեսարիոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ  տեղի  ունեցած է  Սուրբ Ծննդեան յատուկ արարողութիւն` մասնաւորապէս Եոզկաթ հաստատուած  հայերու nերկայութեամբ: Այս մասին տեղեկութիւնը ստացանք «Ժամանակ»ի խմբագիր Արա  Գոչունեանէն: Գոչունեան նաեւ յայտնեց, որ արարողութեան համար յատուկ կարգադրութիւններ ըրած է Պոլսոյ Պատրիարքարանը: Եոզկաթ, Ամասիա եւ Կէսարիա հասած հայորդիներու հոծ բազմութիւն մը մասնակցած է  արարողութեան, որմէ ետք հայորդիները եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ  առիթ  ունեցած են միասնաբար հացկերոյթ մը ընել: «Ժամանակ»ի խմբագիրը «Արեւելք»ին այս մասին խօսելէ բացի, նաեւ հաղորդեց, որ գաղթական հայորդիներուն մէջ եղած է այդ շրջանը հասած կրթական մշակ մը, որ մօտենալով թերթի աշխատակից Արի Թաշին, վերջինէս խնդրած է իրեն տրամադրել  հայերէն լեզուի այբբենարաններ՝ իր հովանաւորութեան տակ եղող երեխաներուն մայրենի լեզու ջամբելու համար: Նախապէս «Արեւելք» տեղեկութիւն փոխանցած էր Եոզկաթ հաստատուած հայերուն մասին, եւ ըստ մեր տուեալներուն՝  շուրջ  70 հայորդիներ ներկայիս կ'ապրին  այդտեղ: Նշենք նաեւ, որ անոնց մէջ կան  Իրաքի Մուսուլէն եւ  այլ շրջաններէ Թուրքիա ապաստանած հայորդիներ: