image

6 Սեպտեմբեր 1955. Սեւ օրեր Թուրքիոյ փոքրամասնութեանց համար

6 Սեպտեմբեր 1955. Սեւ օրեր  Թուրքիոյ փոքրամասնութեանց   համար

6 սեպտեմբերը Թուրքիոյ մէջ ճանչցուած է որպէս  «Սեւ սեպտեմբեր»ի օրեր:  6-7 Սեպտեմբեր 1955-ին, թուրք ծայրայեղական յորդաները Պոլսոյ եւ Իզմիրի մէջ յարձակում գործեցին  տեղի փոքրամասնութեանց, մասնաւորապէս՝ յոյներու վրայ: Յարձակումներ եղան յունաց   տասնեակ   եկեղեցիներու վրայ  եւ հարիւրաւոր տուներ  ու վաճառատուներ  դարձան հրոյ ճարակ: Գործադրուած    հալածանքի զոհ դարձան յոյն արմատներով աւելի քան 30 Թուրքիոյ քաղաքացիներ: Եղած  դէպքերը  կազմակերուած էին  թուրք ցեղապաշտական խմբաւորումներու  կողմէ, որոնք  անուղղակիօրէն կը վայելէին քեմալիստ պետութեան «լուռ  աջակցութիւն»ը: Դէպքերը կապ ունէին նաեւ  Կիպրոսի մէջ առկայ տագնապին հետ, ուր տեղի թուրքերուն  ու յոյներուն միջեւ լարուածութիւնը հասած էր  վտանգաւոր մակարդակի:   Պոլսոյ հայերը եւս անմասն չմնացին այս վայրագութիւններէն, եւ ցայսօր Պոլիս  ապրող եւ այդ դէպքերուն ականատես եղած  հայ   անհատներ    վախով  եւ սրդողումով կը վերյիշեն այդ պատահարները: 6-7 սեպտեմբերի դէպքերը  մաս կը կազմեն  Թուրքիոյ  փոքրամասնութեանց  դէմ գործադրուած  հալածանքի եւ բռնադատումներու մեծ   տոմարին: