Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Հայկական Համացանցային Համալսարանի (ՀԲԸՄ ՀՀՀ) առցանց կրթական ծրագիրները կը շարունակեն կամրջել աշխարհասփիւռ հայութիւնը՝ առիթ տալով երիտասարդ արհեստավարժներուն վերագտնելու եւ զօրացնելու իրենց մայրենի լեզուի գիտելիքները։
Այս յաջողութեան օրինակներէն մէկն է 28-ամեայ Լուսինէ Հայրապետեանը, որ Մոսկուայի պետական համալսարանի դասախօս ըլլալով հանդերձ, որոշած է խորացնել հայերէնի իր իմացութիւնը ՀՀՀ-ի միջոցով։
Լուսինէի ծնողքը Արցախի Մարտակերտի շրջանի Հաթերք գիւղէն են, եւ հակառակ Ռուսիոյ մէջ ապրելուն, ան մեծցած է հայախօս միջավայրի մէջ։
Որպէս թարգմանիչ եւ լեզուաբան, անոր համար հայերէնը հաղորդակցութեան միջոց չէ միայն, այլեւ՝ ինքնութեան պահպանման առանցք։
«Մեզմէ իւրաքանչիւրը պարտաւոր է պահպանել, տարածել եւ անմահացնել հայոց լեզուն, պատմութիւնն ու մշակոյթը», կը հաստատէ երիտասարդ ուսուցչուհին, որուն սէրը հայրենիքի հանդէպ աւելի զօրացած է Հայաստան կատարած յաճախակի այցելութիւններով։
Խճողուած առօրեայ եւ ծանրաբեռնուած աշխատանքային ժամանակացոյց ունեցող մասնագէտին համար ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի «Ազատ դասընթացք» ծրագիրը եղած է լաւագոյն լուծումը։ Լուսինէն կը պատմէ, թէ ինչպէս Պրազիլէն ընկերուհիի մը թելադրանքով արձանագրուած է դասընթացքին եւ սկզբնական մտահոգութիւնները փարատած են առաջին իսկ մակարդակէն ետք։
«Ես գտայ այն, ինչ կ՚ակնկալէի, նոյնիսկ՝ աւելին։ Լաւ մշակուած ծրագիրին շնորհիւ կրցայ ինքնուրոյն սորվիլ իմ ազատ ժամերուս», կը նշէ ան՝ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով իր հեռավար ուսուցչուհիին՝ Գոհար Գէորգեանին։
Որպէս բազմալեզու մասնագէտ, Լուսինէն հայերէնի քերականութիւնը կը համեմատէ անգլերէնի, ռուսերէնի եւ սպաներէնի հետ՝ գտնելով հետաքրքրական զուգահեռներ։ Անոր համար լեզուն սորվիլը լոկ ակադեմական հարց չէ, այլ՝ գոյութենական։
Ուսանողներուն ուղղուած իր պատգամին մէջ ան կը շեշտէ գիտակցութեան կարեւորութիւնը. «Ամէն բանէ առաջ, հայերէն սորվողը ինքզինքին պէտք է հարցնէ` ո՞վ եմ ես։ Հայկական արժէքները կ՚ուզե՞մ փոխանցել իմ զաւակներուս»։
Այսօր Լուսինէն աւելի վստահ կը հաղորդակցի իր հայախօս շրջանակին հետ եւ կը պատրաստուի շարունակել իր ուսումնառութեան յաջորդ փուլերը՝ հաւատարիմ մնալով հայ մշակոյթը վառ պահելու իր առաքելութեան։
Նիւթը՝ ըստ ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային Համալսարանի կայքէջի