image

Թշնամին՝ թշնամի է՛, ցնոր արդարութիւն, այլապէս՝ չի՛ք ճանաչում ու խաղաղութիւն. Գրեց՝ Պարոյր Յ. Աղպաշեան

 Թշնամին՝ թշնամի է՛, ցնոր արդարութիւն, այլապէս՝ չի՛ք ճանաչում ու խաղաղութիւն. Գրեց՝ Պարոյր Յ. Աղպաշեան

Լիբանանեան ուղիղ ու կտրուկ հայեացքով

ԹՇՆԱՄԻՆ՝ ԹՇՆԱՄԻ Է՛, ՑՆՈՐ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՅԼԱՊԷՍ՝ ՉԻ՛Ք ՃԱՆԱՉՈՒՄ ՈՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ

Իսրայէլը կը մնայ Միջին Արեւելքը կեղեքող, բզքտող ու ճզմող թունաւոր կարիճը, որ չի բաւեր եկած ու ծուարած է անոր ծոցին մէջ, այլ կը շարունակէ փորձել զայն առնել իր ճիրաններուն ու մագիլներուն մէջ։

Եթէ ըսուի (կամ առարկուի), որ ան՝

- ՊԵՏՈՒԹԻ՞ՒՆ է, ո՛չ, չէ ու չի կրնար ըլլալ, կոչուիլ ու դրսեւորուիլ այդ որակաւորումով, պարզապէս անոր համար, որ ո՛չ մօտէն, ո՛չ ալ հեռու՛էն, ան նման բարեմասնութիւններով օժտուած է, ընդհակառակը, աւելի քան բարբարոսական վայրենիներու խուժանախումբ մըն է լոկ։

- ԺՈՂՈՎՈ՞ՒՐԴ է, դարձեալ ո՛չ, որովհետեւ նման անուանում մը, երբեք չի պատշաճիր այդ պատկանելիութեան, քանի անիկա ոչ միայն համակ սրբապիղծներու վոհմակներէ կազմուած է, այլ՝ զուրկ է սովորական ու քաղաքակիրթ երկիրներու վարմունքներէն ու վերաբերմունքներէն, առաւել՝ անոր իւրաքանչիւր քայլն ու վարկը միայն արիւնարբութեան աղբիւր է, մարդկութիւն լլկելու եւ յօշոտելու անասնութեամբ։

- ԱԶԳՈՒԹԻ՞ՒՆ է, դարձեալ ու դարձեալ ո՛չ, չէ՞ որ հասնելու կամ ճանչցուելու այդ մակարդակով ու բովանդակութեամբ, անհրաժեշտ է որ ան ունենայ ազգային գիտակցութիւն եւ ազգակերտ սկզբունքներ, մինչդեռ ատոնց հետքն իսկ չկայ, չերեւիր ու չզգացուիր, որեւէ պարագաներու, համակարգներու ու գործընթացներու մէջ, մինչ հոն տիրողն ու գերիշխողը միայն ու միայն զաւթումն ու ոչնչացումն են։

- ՀԱՐԵՒԱՆՈՒԹԻ՞ՒՆ է, ո՛չ մէկ պարագայի, որովհետեւ այն օրէն սկսեալ, երբ Իսրայէլը մխրճուեցաւ (աւելի ճիշդ՝ զինք մխրճեցին), իր այժմու սահմաններուն մէջ, պարզ դարձաւ, որ անիկա ոչ միայն չէր կրնար դառնալ բարի (՞) հարեւան, այլ պիտի դառնար բազմագլխանի ու բազմաոտանի հրէշ մը, նշանաւորուելով իր ճամարտակութիւններով, ճոռոմաբանութիւններով, բայց, ամենէն աւելի, իր հակամարդկայնութեամբ։

- ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԻ՞ՒՆ է, ատիկա միայն առասպել է, յերիւրանք ու ցնորք, անոր ետին թաքնուած ըլլալով ամէն տեսակի վատաբանութիւն, ոխակալութիւն, մեծամտութիւն ու ցեղասպանութիւն, իսկ ո՞վ չի տեսներ (կամ չէ տեսած), որ Իսրայէլը ոչ թէ ժողովրդավար է (անոր քովէն իսկ չանցնիր), այնքան ատեն որ՝ ան վարակուած է ժողովրդաՎԱՌութեամբ, ստորաՔԱՐՇութեամբ ու մարդԱՏԵԱՑութեամբ։

Այս բոլորի լոյսին տակ, երբ բազմատասնեակ տարիներ, ան ասպատակեց ու կ’ասպատակէ, հրոսակեց ու կը հրոսակէ, սպաննեց ու կը սպաննէ, քանդեց ու կը քանդէ, անճիտեց ու կ’անճիտէ, ո՞ր մէկը ըսենք եւ յիշենք, զի անոնք շա՜տ են, խայտաբղէտ ու փշաքաղիչ, ուստի, մարդ չի կրնար դիմանալ անոնց ահաւորութեանց ու մարդապղծութեանց։

Այսպէս՝ «փերեզակութեամբ տոգորուած» հոգեբանական հիւանդներ եւ այլամերժներ, ինչպէ՞ս կրնան բնորոշուիլ որեւէ տրամաբանական, դրական, քաղաքական բարեկամական ու քաղաքակրթական կոչումներով։

Անբարեխիղճ, անբարոյ, անպարկեշտ եւ անուղղայ աշխարհը, յատկապէս իր կարգ մը յաւակնոտ «փաշա»ներով, ինչպէ՞ս կրնայ զօրավիգ կանգնիլ Իսրայէլի մը, որ միայն կը յուշէ այլանդակային գործարքներ, մարդկային սպանդներ, քաղաքային վայնասուններ, ամբոխային դերասանութիւններ, անպատկառային զառանցաքներ, իսկ ասոնք ի՞նչ կը նշանակեն, ի՞նչ կը յիշեցնեն եւ ի՞նչ կ’ապացուցանեն։

Դո՛ւք, տեսանելի կամ անտեսանելի միջազգային դէտեր եւ, այո՛, նաեւ արաբական որոշ ուժեր, չէ՞ք տեսներ, որ ձեր դիմաց ո՞վ կանգնած է ու կը փետտէ թէ՛ մարդկութիւն, թէ՛ ժողովրդավարութիւն, թէ՛ քաղաքականութիւն, թէ՛ երեխասպանութիւն եւ չէք համարձակիր փոխանցել ձեր պինդ եւ արդար խօսքը՝ առ որ անկ է, անշուշտ, եթէ ունիք արժանապատուութիւն։

***

Իսրայէլը, անկասկած, չարիք մըն է աշխարհին, որ ԳԻՏԱԿՑԱԲԱՐ ստեղծուեցաւ, մեծապետական կարգ մը երկիրներու կողմէ, ընդ հովանեաւ՝ Մեծն Բրիտանիոյ, ոչ թէ Իսրայէլի «սեւ աչքերուն» սիրոյն, այլ՝ շահագործելով անոր նկարագրային յոռի կողմերը - չարագործութիւն թէ սպանդագործութիւն, չարամտութիւն թէ սպանդամէտութիւն։

Սակայն, այդ բոլոր անիրաւութիւնները ճակատագրուեցան ընդդէմ Արաբական աշխարհը եւ մասնաւորաբար անօրինաբար եւ արուեստականօրէն Իսրայէլի աշխարհագրական տարածքին շուրջ գտնուող երկիրներուն (Սուրիա, Լիբանան, Եգիպտոս, Պաղեստին, Յորդանան) դէմ, մնայուն եւ յարատեւ օղակներ պահելով ու զանոնք գործածելով, ըստ պէտս։

Ամենէն ահաւոր կացութաձեւերը վիճակուեցան, իրենց լայնածաւալութեամբ, աւերուածութեամբ ու բռնատիրութեամբ, 1967ի եւ 1973ի արաբական-իսրայէլեան պատերազմներուն, նոյն սատանայածնունդ օտար պետութիւններու (Ամերիկա-Եւրոպա) լուռ ու գոհունակ հայեացքներուն տակ, զաւթելու համար արաբական կարգ մը հողամասեր։

Միջազգային գերագոյն կազմակերպութիւնը՝ ՄԱԿը (Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւն), որ կոչուած է նման յարձակողական եւ անիրաւական հարցեր հանգուցալուծելու, ինչպէս միշտ, մնաց դիտող-խամաճիկի դերին մէջ, ճիշդ նոյն հունաւորումով, կողմնակալութեամբ, ինչ որ ներկայիս կը պատահի, անգամ մը եւս ապացուցելով, որ ինք պարզապէս անպէտք եւ անիմաստ գործիք մըն է, հլու-հնազանդ ստրուկը դառնալով իր տէրերուն։

Թիւ 425 յօդուածը, որ կը վերաբերէր Լիբանանի Հարաւէն իսրայէլեան ահաբեկիչներու հեռացման, ոչ միայն չիրագործուեցաւ, այլ շարունակուեցան թիրախաւորումները անոր ուղղութեամբ, մինչեւ որ՝ 2000ին, ան ստիպուեցաւ նահանջել հոնկէ, ի դէմս լիբանանեան դիմադրական շարժումներու հակադարձող գործողութեանց։

Սակայն, վերջին շուրջ երկու տարիներու դաւադրական միջամտութիւնները, մերթ արտաքին կողմերէ, մերթ ներքին ազդակներէ, մերթ շրջանը փոթորկող ալիքներէ եւ իսրայէլեան վարձկաններէ, բոլորովին նոր ու վտանգաւոր կարգավիճակներ ստեղծեցին ամենուր, մանաւանդ որ՝ Իրանն ալ խնդրոյ առարկայ դարձաւ, որովհետեւ Ամերիկայի նախագահը, որ ինքզինք «Նոպելեան ու դրախտային» թեկնածու կը նկատէ, կարծեց ու հաւատաց որ ատիկա է ճշմարտութիւնը, հետեւաբար, իր իրաւունքը, աշխարհը գրպանելու, չանդրադառնալով որ ատիկա... «պիտի թրջէ» զինքն ալ, իր վարած ու ՎԱՌԵԼԻՔ քաղաքականութիւնն ալ։

Մեզ հետաքրքրողը, այս հանգրուանին այն է, որ Իսրայէլը պատեհ առիթը գտած է, ոչ միայն հաշուեյարդար տեսնելու դիմադրական շարժումին դէմ (իմա՝ Հըզպալա), այլ՝ Լիբանանը մասնատելու, իր ուզած ձեւով եւ ոճով, իր սահմանային ընդարձակումներով ու մերձեցումներով, հարաւը մարդաթափելէ ու հիմնապէս կործանելէ ետք, չվարանելով, մայրաքաղաքն ու այլ կարգ մը շրջաններ ալ գրաւելով։

Կարիք կա՞յ յիշելու կամ շեշտելու, թէ այս դաւադրական համապատկերներու ետին կան արտաքին ուժեր (ոչ-թաքնուած, այլ՝ տեսանելի), արաբական թուլակազմեր եւ, ամենէն ողբերգականը, ներքին դիտորդներ կամ արձանիկներ, որոնք միաձոյլ ամբողջութեամբ մը, ուղղակի թէ անուղղակի ցուցադրականութեամբ կ’ապրին թունաւոր մթնոլորտը զայն ծառայեցնելով ապականութեան ու փորձութեանց անձնակեդրոն ծրագիրներուն։։

Լիբանանցիք, որոնք իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն, միջամտութեանց ու խառնակչութեանց բոլոր ձեւերու անկայունութիւնները ապրեցան, իրենց դառն ու անձուկ տարափներուն տակ, բայց, դիմացան ու հակազդեցին, հոգ չէ թէ բազում զոհողութիւններու գնով ու վնասներով, այսօրուան իսրայէլեան յարձակումներուն նմանը չտեսան, զայն նմանցնելով երրորդ համաշխարհային պատերազմի մը հաւանականութեան։

Ամենէն վտանգաւորն ու մտահոգիչը այն է, երբ «աղտոտ ջուրի մէջ ձուկ որսացող» տզրուկներ, կը փորձեն «մեխ խրել» այս կամ այն բեւեռին մէջ, կամ ծառայելու համար օտարին կամ ալ աժան շահոյթներ ապահովելու, վերջին հաշուով տուժողը ըլլալով Լիբանանը եւ ժողովուրդը անոր։

***

Այս ընդարձակ ու փշոտ թղթածրարը, երբ աչքի առաջ կ’ունենանք, իր զանազան գունաւորումներով եւ երանգներով, պահ մը պէտք է սթափիլ ու խոկալ, թէ այս սահանքներն ու ոլորապտոյտները, ո՞ւր կրնան առաջնորդել Լիբանանը եւ ինչի՞ կը մղեն լիբանանցիները։

Դժուար է պատասխանել, որովհետեւ, իրօք, խրթին է անիկա, իր բովանդակ տարողութեամբ։

Դիւրին է, որովհետեւ, համարեա տեսանելի ու թափանցիկ է անիկա, սակայն, միշտ շփոթեցնող ծալքերով։

Ի հեճուկս գոյութիւն ունեցող տուեալներուն կամ զարգացումներուն, ինքնին, խօսուն իրականութիւն մը կայ այս փաթեթին մէջ, երբ Իսրայէլ կը յամառի, որ Լիբանան իր հետ խաղաղութեան դաշինք պէտք է կնքէ, որպէսզի ամէն ինչ վերջանայ (արդեօ՞ք)։

Կ’երեւի թէ ականջամեծ Բենիամինը չի ճանչնար լիբանանցիները եւ անոնց մեծ մասին կառչածութիւնը իր հայրենիքին, իր անկախութեամբ ու գերիշխանութեամբ։

Այդ ականջներով (խուլ թէ փակ), անգամի մը համար, թող լսէ (կամ լսցնեն իրեն), որ լիբանանցիք երբ կը խօսին Իսրայէլի մասին. զայն կը նկատեն ԹՇՆԱՄԻ, ՀԱԿԱՌԱԿՈՐԴ, մինչեւ որ ստանան իրենց արդար իրաւունքները։

Ահաւասիկ, չոր ու տաք իրականութիւն մը, Պրն. Բենիամին, որմէ չեն հրաժարիր լիբանանցիք եւ չեն ուրանար իրենց ինքնութիւնը, աչք ծակող փաստերէն մէկն ալ այն է, որ չեն հրաժարիր իրենց հողերէն ու տարածքներէն, վերադառնալու իրենց օճախները ու փլատակներուն վրայ ալ ապրելով, մինչեւ վերադարձ սեփական իրենց տունն ու հողը։

Եթէ այս ճշմարտութեան հաղորդ չեն Բենիամինն ու Տոնալտը (մի գուցէ որոշ հազուագիւտներ), իրենց գիտնալիքն է, կ’ըսեն շատեր։

Այդուհանդերձ, ի պատիւ այն լիբանանցիներուն (նաեւ լիբանանահայերուն), որոնք քաղաքացիական գիտակցութեամբ, ողջմտութեամբ ու խոհեմութեամբ կը մօտենան այս զգայուն, այլապէս էական հարցախնդրին, կը մնայ միայն ողջունել, իսկ անոնք, որոնք հայելիին ետեւէն կը խորաչափեն երեւոյթները, ատիկա ցաւալիութիւն մը կրնայ նկատուիլ... ցնոր տնօրինում։

Յամենայն դէպս, ինչ ալ ըլլան պայմանները, երեւոյթները կամ զարգացումները, իսրայէլեան ընչաքաղցութիւնը եւ ծակաչքութիւնը չեն կրնար Լիբանանը մեկուսացնել ու լիբանանցիները կաթուածահարել, որքան ալ դուրսի հողմերը ու ներսի հովերը փչեն, մինչեւ հնչեն... արդարութեան զանգերը։

Ինչպէս կ’ըսուի. եղա՞ւ, ուրեմն, եղա՛ւ, չեղա՞ւ, ուրեմն, պիտի ըլլայ...։

 

Պարոյր Յ. Աղպաշեան

(Պէյրութ)