Իրանի հրթիռները մեծ մասամբ ոչնչացուած են, եւ հաւանաբար հիմա անոնք ունին ատոնց 18-19 առ հարիւրը։ Այս մասին յայտարարած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը։
«Մենք անոնց հետ լաւ զրոյց ունեցանք, եւ յաջորդ օրը անոնք յանկարծ մոռցան, թէ ինչ պատահած էր նախորդ օրը։ Անոնք հպարտ են։ Իրանը չի կրնար միջուկային զէնք ունենալ։ Անոնք համաձայնած են ատոր։
Իրանի հետ գործարքը պիտի կնքուի, անոնք իսկապէս կ՚ուզեն գործարք կնքել, բայց վերջնաժամկէտ պիտի չըլլայ»,- ըսած է Թրամփը։