Ատրպէյճան գտնուող հինգ հայ գերիներ հայրենիք վերադարձնող օդանաւը վայրէջք կատարած է «Էրեբունի» օդակայան։
Աւելի վաղ, ՀՀ փոխ վարչապետ՝ Տիգրան Աւինեան դիմատետրի գրառմամբ տեղեկացուցած էր, որ հայրենիք կը վերադառնան 5 գերիներ։ Ինչպէս նաեւ այսօր գերութեան մէջ գտնուող մեր 62 զինծառայողները հեռախօսակապով զրուցած են իրենց հարազատներուն հետ։
Լուրը՝ «Շանթնիւզ»էն։