Սէուտական Արաբիան երկու օդային հարուած հասցուցած է Եմէնի ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող Մոխա քաղաքին օդակայանին, որ այժմ հուսիներու վերահսկողութեան տակ կը գտնուի։ Այս մասին յայտնած է հուսիներուն պատկանող «Ալ-Մասիրա» հեռատեսիլի կայանը։
«Սէուտական թշնամին երկու հարուած հասցուցած է Մոխայի օդակայանին»,– յայտնած է հեռատեսիլի կայանը։
Եմէնի «Անսար Ալլահ» շարժման հուսի ապստամբները, որոնք Իրանի աջակցութիւնը կը վայելեն, Մոխա նաւահանգստային քաղաքին նկատմամբ վերահսկողութիւն հաստատած են Սեպտեմբեր 10-ին՝ Սէուտական Արաբիոյ աջակցութիւնը վայելող Եմէնի կառավարական ուժերուն դէմ լայնածաւալ յարձակում սկսելէն օրեր ետք։
Միեւնոյն ժամանակ տեղեկութիւններ տարածուած են, որ հուսիները գրաւած են Կարմիր ծովուն մէջ գտնուող Փերիմ (Մայյուն) կղզին, որ Ասիան Եւրոպային կապող ռազմավարական կարեւորութիւն ունեցող ջրուղիին կեդրոնը կը գտնուի։ Եմէնի կառավարութեան երկու աղբիւրներ «Ռոյթըրզ»-ին յայտնած են, որ կառավարական զօրքերը հեռացած են կղզիէն։ «Էյ-Էֆ-Փէ» գործակալութիւնը եւս, վկայակոչելով տեղական իշխանութիւններն ու ականատեսները, կը հաղորդէ, որ Փերիմ կղզին անցած է հուսիներու վերահսկողութեան տակ։
Մինչ այդ, հուսիները մտած են Տուպապ նաւահանգստային քաղաքը, որ կը գտնուի կղզիին անմիջապէս դիմաց։
Տուպապի եւ Փերիմի գրաւումը կարեւոր կը նկատուի Պապ ալ-Մանտէպի նեղուցին նկատմամբ վերահսկողութիւն հաստատելու համար։
Միեւնոյն ժամանակ, «Աքսիոս» լրատուական հարթակը, վկայակոչելով աղբիւրներ, կը նշէ, որ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ մերժած է Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամմէտ պըն Սալմանի կոչը՝ հուսիները հարուածելու վերաբերեալ։ Աղբիւրներուն համաձայն՝ ԱՄՆ-ը մտադիր չէ հուսիներուն դէմ ուղղակի ռազմական գործողութիւն ձեռնարկել։