Պոլսահայ մարզաշխարհին մէջ ուրախալի նորութիւն մը. Թարգմանչաց վարժարանի անգլերէնի ուսուցիչ եւ մարզիչ Վարդան Մամիկոնեան հրաւիրուած է մասնակցելու միջազգային հեղինակաւոր «NBA Basketball Without Borders» ծրագրին՝ իբրեւ մարզիչ։ Միջազգային ճամբարին իր մասնակցութեամբ Մամիկոնեան ոչ միայն արժանացած է մասնագիտական բարձր գնահատանքի, այլեւ նոր փորձառութիւն ձեռք բերած է համաշխարհային պասքեթպոլի յայտնի անուններու կողքին։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Պոլսահայ կրթական եւ մարզական շրջանակներէն լսեցինք ուրախալի յաջողութեան մը մասին։
Թարգմանչաց վարժարանի անգլերէնի ուսուցիչ Վարդան Մամիկոնեան հրաւիրուեցաւ իբրեւ մարզիչ մասնակցելու միջազգային հեղինակաւոր «Էն-Պի-Էյ Պասքեթպոլ Ուիթաութ Պորտըրզ» (ՈՇՀ Շհմթդէշհլլ Օսէպճաէ Շճիւդիմ – ՇՕՇ) ծրագրին, որ այս տարի կը կազմակերպուէր 25րդ անգամ։
Երկար տարիներ պասքեթպոլ խաղալէ ետք Մամիկոնեան մարզչական ասպարէզ անցած է եւ 2019-2025 թուականներուն պաշտօնավարած՝ Էմ-Վի-Փի եւ Աչը մարզական ակումբներուն մէջ։
Միջազգային այս հեղինակաւոր կազմակերպութեան մարզչական կազմին մէջ պոլսահայ երիտասարդ մարզիչի մը ներկայութիւնը անկասկած գնահատելի յաջողութիւն մըն է՝ միաժամանակ նոր փորձառութեան եւ մասնագիտական զարգացման կարեւոր առիթ հանդիսանալով Վարդան Մամիկոնեանի համար։
Պասքեթպոլի Զարգացման Կեդրոնին մէջ կազմակերպուած միջազգային ճամբարին մասնակցելու հրաւէր ստացած էին աշխարհի զանազան երկիրներէն ընտրուած խոստմնալից 80 մարզիկներ։ Անգլերէնը որպէս հասարակաց լեզու գործածուած ծրագրի ընթացքին Վարդան Մամիկոնեան մարզչական աշխատանք տարաւ նաեւ համաշխարհային պասքեթպոլի ծանօթ անուններու կողքին։
Մամիկոնեան, «Քլիվլընտ Քավըլիըրզ»ի գլխաւոր մարզիչ Քենի Աթքինսընի, ինչպէս նաեւ Էն-Պի-Էյ-ի խաղացողներ Թոմաս Պրայընթի եւ Սատիք Պէյի հետ մասնակցեցաւ յարձակողական խաղի մարզումներուն։
Կը շնորհաւորենք սիրելի Վարդանն ու իր ծնողները՝ մեր սիրելի Յակոբ եւ Գարոլին Մամիկոնեանները։