image
Հրատապ լուրեր:

30-օրեայ հրադադար Սուրիոյ համար. ՄԱԿ-ի ԱԽ-ը հրապարկեց թիւ 2401 որոշումը

30-օրեայ  հրադադար  Սուրիոյ համար. ՄԱԿ-ի  ԱԽ-ը հրապարկեց թիւ   2401 որոշումը

 ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան    Խորհուրդի    անդամները  երէկ   համաձայնութեան եկան   Սուրիոյ  մէջ      30-օրեայ      հրադադար մը հաստատելու վերաբերեալ:  Այս մասին  լուրը  փոխանցեց      «Ալ Մայատին»ը   նշելով նաեւ, որ  օրինագիծը  առաջարկուած էր       Ապահովութեան Խորհուրդի  ոչ մշտական  անդամ   Քուէյթի  կողմէ:

  Կը նշուի նաեւ, որ հրադադարը       պիտի կիառուի      ամբողջ   Սուրիոյ մէջ եւ    պիտի գործէ   առանց նախապայմաններու:

 

 ՄԱԿ-ի կնիքը   կրող  այս որոշման թիւն է     2401:

 

 Յիշեցնենք, որ անցնող   օրերուն    ծանր   վիճակի  մատնուած էր    մասնաւորապէս   մայրաքաղաք  Դամասկոսը, ուր     Ղութայի  մէջ    գտնուող   ահաեկիչները   թիրախ  կը դարձնէին  մայրաքաղաքի    խաղաղ   բնակչութեան  շրջանները, որուն  դիմաց  Սուրիոյ   բանակը  սկսած էր  զինուորական  լայնածաւալ գործողութիւն մը  նպատակ հետապնդելով     ահաբեկիչներու ճիրաններէն  ազատագրել     Դամասկոսի  գիւղական    հատուածները:

 

  Վերջին օրերուն  գրանցուած    ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով զոհուածներուն  թիւը  անցած էր  400-ը: