image

3 Թուրք զինուորներ սպաննուած են Ճարապլուսի մէջ

3 Թուրք զինուորներ  սպաննուած են Ճարապլուսի մէջ

 Սուրիա- («Ալ Մայատին»- Սուրիա)Տահէշ ահաբեկչական  խմբաւորումը       յարձակում մը կատարելով սպաննած է թրքական բանակի    3 զինուորներ:    Դէպքը տեղի ունեցած է     Ճարապլուսի   արեւելեան  Ալ Րահի  շրջանին մէջ: Ահաբեկիչները հակաթանկային հրթիռներ արձակած են   թրքական բանակի  հրասայլի մը ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով թրքական բանակի   3 զինուորներ  զոհուած են: Նախնական տուեալներու համաձայն կան     չորս վիրաւորեալներ: Նշենք, որ թրքական բանակի    երեք զօրագունդեր  անցեալ օգոստոսին  Տահէշի դէմ  պատերազմելու  պատրուակով ներխուժեցին Սուրիոյ   Ճարապլուս քաղաքը: