«Զուարթնոց» օդակայանի ճամբով 12 հալէպահայեր այսօր Երեւան կը հասնին: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ փոխանցեց, որ Հայաստան հասնող հալէպահայերուն փոխադրութեան ծախսերը հոգացած է Սուրիոյ Հայ Աւետարանական եկեղեցին: Հալէպահայերը պիտի դիմաւորուին Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Երեւանի գրասենակը ներկայացնող պատասխանատուներ: Նշենք, որ նախ պիտի փոխադրուին AMMA-ի Երեւանի գրասենեակ, ուր քանի մը օրուան բնակութեան համար յատուկ կարգադրութիւն մը կատարուած է: Իսկ յառաջիկայ օրերուն դարձեալ նոյն միութեան ճիգերով մեր հայրենակիցները պիտի իջեւանեն այս նպատակին համար վարձակալուած բնակարաններու մէջ: «Արեւելք»ի տիրապետած տեղեկութիւններով յառաջիկայ օրերուն եւս Երեւան պիտի հասնին այլ հալէպահայեր, այս անգամ «Հալէպ բարեսիրական միութեան» անմիջական օժանդակութեամբ:
Լուսանկարը ՝ մեր արխիւէն: