Թուրքիա («Միլլիյէթ»- Պոլիս) Ըստ «Միլլիյէթ» պարբերականին երկրի գաղտնի սպասարկութեան խորհուրդի մէկ ջոկատը յաջողած է բացայայտել 10 անձերէ բաղկացող յանձախումբ մը, որոնք կը ծրագրէին ահաբեկել Թուրքիոյ նախագահ ՝ Էրտողանը: Հրապարակուած լուրին մէջ կը նշուի, նաեւ, որ յանցախումբը մտադրած էր ահաբեկչութիւնը կատարել 15 յուլիսի գիշերը եւ գրոհել Մարմարիսի այն պանդոկը, ուր իջեւանած էր Էրտողան: Կը հաղորդուի նաեւ, որ ապահովական մարմիններ յաջողած են դէպքի մանրամասնութիւնները բացայայտել անցնող 31 յուլիսին եւ ձերբակալել յանցախումբի գլխաւոր պատասխանատու համարուող՝ Շուքրի Սէյմանը: Յանցախումբը իր գործողութիւնը յաջողցնելու համար 15 յուլիսի գիշերը հասած են Էրտողանի իջեւանած պանդոկին մօտ: Անոնք աւելի ուշ բախումի բռնուած են Էրտողանի պահակագունդին հետ ու ապա ստիպուած եղած են շրջանէն հեռանալ: Թերթը նաեւ կը յայտնէ, որ յանցախումբի անդամները այսօր տարուած են Մուղլա քաղաքի դատական հիմնարկ: