image

10 Անձերէ բաղկացող խմբակ մը կը պատրաստուէր սպաննել Էրտողանը ...Millyet

10 Անձերէ բաղկացող      խմբակ մը կը  պատրաստուէր    սպաննել  Էրտողանը ...Millyet

 Թուրքիա («Միլլիյէթ»- Պոլիս)  Ըստ «Միլլիյէթ»  պարբերականին        երկրի գաղտնի սպասարկութեան     խորհուրդի  մէկ ջոկատը   յաջողած է բացայայտել 10 անձերէ բաղկացող յանձախումբ մը, որոնք կը ծրագրէին  ահաբեկել       Թուրքիոյ նախագահ ՝ Էրտողանը:   Հրապարակուած լուրին մէջ կը նշուի, նաեւ, որ  յանցախումբը մտադրած էր ահաբեկչութիւնը կատարել    15  յուլիսի գիշերը եւ գրոհել  Մարմարիսի այն պանդոկը, ուր իջեւանած էր      Էրտողան: Կը հաղորդուի նաեւ, որ   ապահովական մարմիններ յաջողած են  դէպքի մանրամասնութիւնները    բացայայտել անցնող 31 յուլիսին եւ ձերբակալել յանցախումբի գլխաւոր պատասխանատու համարուող՝ Շուքրի Սէյմանը:  Յանցախումբը իր  գործողութիւնը յաջողցնելու համար 15 յուլիսի գիշերը       հասած են Էրտողանի իջեւանած   պանդոկին  մօտ:  Անոնք աւելի ուշ   բախումի բռնուած են        Էրտողանի  պահակագունդին հետ ու ապա ստիպուած  եղած են  շրջանէն հեռանալ: Թերթը  նաեւ կը յայտնէ, որ յանցախումբի անդամները  այսօր  տարուած են  Մուղլա  քաղաքի դատական  հիմնարկ: