image
Հրատապ լուրեր:

«Եթէ արտայանձնում ապա միայն դէպի Աւստրալիա»Ճուլիան Ասանժի հայր

«Եթէ  արտայանձնում ապա միայն  դէպի Աւստրալիա»Ճուլիան Ասանժի հայր

Գայթակղային նիւթերու հրապարակմամբ զբաղող WikiLeaks կայքի հիմնադիր Ճուլիան Ասանժի հայրը Լոնտոնի մէջ որդիին աղմկայարոյց ձերբակալութենէն ետք յայտարարած է, որ լրագրողը պէտք է ոչ թէ ԱՄՆ, այլ Աւստրալիա արտայանձնուի, քանի որ այդ երկրի քաղաքացի է:

Ինչպէս կը նշէ The Guardian-ը, 74-ամեայ Ճոն Շիփթընը դիմած է Աւստրալիոյ կառավարութեանը՝ կոչ ընելով «ինչ-որ բան ընել» Ասանժի համար, օգնել անոր:

Մելպուռն բնակող Շիփթընը դիմած է Աւստրալիոյ վարչապետ Սքոթ Մորիսընին եւ արտաքին գործոց նախարարութեան:

Սակայն երկրի իշխանութիւնները աւելի վաղ յայտարարած էին, որ Ասանժին «առանձնայատուկ վերաաբերմունք» կարելի չէ ցուցաբերել եւ որ ան միայն հիւպատոսութեան մակարդակով աջակցութիւն կը ստանայ: Միեւնոյն ժամանակ արտաքին գործոց նախարարը ըսած էր, որ Աւստրալիան Մեծ Բրիտանիոյ խորհուրդ տուած է Ասանժը ԱՄՆ չարտայանձնել, եթէ այնտեղ անոր մահապատիժ կը սպառնայ:

Յատկանշական է, որ բրիտանացի ընդդիմադիր խորհրդարականեր եւս դէմ եմ, որ Ասաժը ԱՄՆ արտայանձնուի:

 
Յիշեցնենք, որ WikiLeaks-ի հիմնադիրը Լոնտոնի մէջ Էքուատորի դեսպանատունը կը գտնուի 2012 թուականէն: Ան ապաստան խնդրած էր, որպէսզի խուսափի Շուէտ արտայանձնելէ, ուր Ասանժը մեղադրած են բռնաբարութեան, ինչպէս նաեւ ոտնձգութեան եւ սեռական բնոյթի գործողութիւններու հարկադրելու մէջ: WikiLeaks-ի հիմնադիրը նաեւ կը վախնայ ԱՄՆ արտաքսուելէն, ուր անոր կը սպառնայ մինչեւ 35 տարուան բանտարկութիւն կամ մահապատիժ Պետքարտուղարութեան գաղտնի փաստաթուղթերը հրապարակելու համար: