image

Առանց Ասանժի դժուար պիտի ըլլար

Առանց  Ասանժի  դժուար պիտի ըլլար

ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ մշտական ներկայացուցիչ Վասիլի Նեպենզիան յայտարարած է, որ WikiLeaks-ի հիմնադիր Ժուլիան Ասանժը «մինչեւ իր վերջին օրերը պիտի մնայ բանտը», եթէ զայն արտահանձնեն ԱՄՆ-ին։

Նեպենզիան ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին ժամանակ նշած է, որ «առանց Ասանժի հրապարակած նիւթերուն, աշխարհը երբեք պիտի չիմանար Իրաքի, Աֆղանիստանի եւ Սուրիոյ մէջ ամերիկացի եւ բրիտանացի զինուորականներու յանցագործութիւնները, ինչպես նաեւ Կուանթանամոյի եւ ամերիկեան հետախուզութեան՝ Եւրոպայի մէջ գտնուող գաղտնի բանտերուն մէջ խոշտանգումներուն մասին»:

Ռուս պատուիրակը հարց սուաւ, թէ «ի՞նչ ըրին այսօր այն երկիրները, որոնք կոչ կ'ընեն պայքարելու հաշուետուութենէն խուսափելու դէմ, երբ այդ տեղեկատուութիւնը հրապարակուեցաւ: Արդեօ՞ք անոնք կը ձգտէին հետաքննութիւն սկսիլ եւ հաշուետուութեան ենթարկել իրենց պատասխանատու քաղաքացիները: Ոչ: Միակ իրական հետապնդումը, որու մասին հայտարարուած է, Ասանժն է»։

Ան յաւելած է. «Միացեալ Նահանգներու ոստիկանական համակարգը կասկածներ չի թողներ, որ Ասանժը իր կեանքին մնացեալ մասը պիտի անցընէ ճաղերու ետին, եթէ ան ողջ մնաայ մինչեւ դատավարութիւնը», նշելով, որ «սա մեզ անհրաժեշտ է իմանալ՝ Արեւմուտքի վերաբերմունքը պատասխանատուութենէն խուսափելու դէմ պայքարի հարցով, երբ խօսքը կը վերաբերի իրեն»:

Ապրիլ 20-ին Ռուսիոյ ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան ըսած էր, որ «Մոսկվան խեղ-կատակութիւն կը համարէ WikiLeaks-ի հիմնադիր Ժուլիան Ասանժը ԱՄՆ-ին արտահանձնելու լոնտոնեան դատարանին որոշումը»։

Բրիտանական Գերագոյն դատարանը աւելի վաղ մերժած էր քննարկել Ասանժի ներկայացուցած խնդրանքը՝ զինք չհանձնել ԱՄՆ-ին, որ կը ձգտի զայն դատել «փաստաթուղթերու արտահոսքի մեղադրանքով»։