The Wall Street Journal-ը յայտնած է, որ WikiLeaks-ի հիմնադիր Ժուլիան Ասանժ իրաւական պայքար կը մղէ՝ ԱՄՆ արտայանձնումէն խուսափելու համար. այդ առումով ԱՄՆ Արդարադատութեան նախարարութիւնը կը դիտարկէ Ասանժին այնպիսի «գործարք» առաջարկել, որ թոյլ կու տայ վերջինիս «խոստովանելու մեղքը»՝ աւելի նուազ մեղադրականի դիմաց:
The Wall Street Journal-ը հաղորդած է, որ ԱՄՆ արդարադատութեան նախարարութիւնը կը սերտէ WikiLeaks-ի հիմնադիր Ժուլիան Ասանժին թոյլ տալ «մեղաւոր ճանչնալ» աւելի նուազ աստիճանի մեղադրանքով, որն է՝«գաղտնի տեղեկատւութեան սխալ օգտագործումը», եւ այդպիսով հնարաւորութիւն ստեղծել որ ի վերջոյ աւարտին հասնի իրաւական երկար «մղձաւանջը»։
Ըստ թերթին, Արդարադատութեան նախարարութեան պաշտօնեաները եւ Ասանժի փաստաբանները վերջին ամիսներուն նախնական քննարկումներ ունեցած են այն մասին, թէ ինչպիսին կրնայ ըլլալ «մեղաւորութիւնը ճանչնալու գործարք»ը, որ «հնարաւոր կը դարձնէ քաղաքական եւ իրաւական բարդութիւններով լի դատական գործի լուծումը»:
The Wall Street Journal-ը մէջբերած է խնդրին ծանօթ մարդոց խօսքերը, որոնք ըսած են. «Եթէ դատախազները թոյլ տան Ասանժին պաշտպանուելու գաղտնի փաստաթուղթերու սխալ մշակման մեղադրանքի դիմաց ( բան մը, որ առաջարկած են անոր փաստաբանները որպէս հաւանականութիւն՝ գործարքի երթալու), ապա այդ մէկը օրէնքի զանցանք կը համարուի»:
Այս գործարքի համաձայն՝ «Հնարաւոր է որ Ասանժ կը կարողանայ այս խնդրագիրը ներկայացնել հեռակայ կարգով, առանց երբեւէ ոտք դնելու Միացեալ Նահանգներ», եւ Լոնտոնի մէջ ճաղերու ետին անցուցած անոր ժամանակը հաշուի առնուի Ամերիկայի կողմէ հաստատուելիք որեւէ պատժի համար, ընդ որում, այդպիսով հնարաւոր կ՚ըլլայ որ ան շուտով ազատ կ՚ըլլայ, որեւէ գործարք կնքելէ ետք։
Այս բանակցութիւնները տեղի կ՚ունենան այն բանէն ետք, երբ Ասանժ արդէն մօտ 5 տարի անցուցած է ճաղերու ետին՝ խիստ հսկողութեան ենթակայ «Պելմարշ» բանտին մէջ, Լոնտոնի մերձակայքը։ Եւ ԱՄՆ դատախազները նուազ հաւանական կը գտնեն, որ ան ատկէ աւելի երկար ժամանակ անցընէ բանտը, նոյնիսկ եթէ դատապարտուի Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Այս տեղեկատւութեան առընթեր, Ասանժի փաստաբան Պարրի Փոլաքն ըսած է, որ ինքը որեւէ ազդանիշ չէ ստացած, որ Արդարադատութեան նախարարութիւնը գործարք կը կնքէ, իսկ ԱՄՆ Արդարադատութեան նախարարութեան խօսնակը հրաժարած է այս հարցով մեկնաբանութիւններ տալէ:
«Քննարկումները դեռ ընթացքի մէջ են, եւ անոնք կրնան որեւէ արդիւնք չտալ», - նշած է Wall Street Journal-ը՝ աւելցնելով, որ որեւէ նմանատիպ գործարք կը պահանջէ արդարադատութեան նախարարութեան ամենաբարձր մակարդակներու հաստատումը: