Բրիտանական ներքին գործոց նախարարին կողմէ Ասանժը Միացեալ Նահանգներուն արտայանձնելու խնդրանքը վաւերացնելը ճանապարհին վերջը չէ, մենք օրինական ճանապարհով պիտի բողոքարկենք Ասանժի արտայանձնման խնդրանքին հաստատումը:
Մեծն Բրիտանիոյ Ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Փրիթի Փաթելը համաձայնած է ԱՄՆ-ի խնդրանքին՝ արտայանձնել WikiLeaks-ի հիմնադիր Ժուլիան Ասանժը, որ Ուաշինկթընի կողմէ կկըհետապնդուի մեծ քանակութեամբ գաղտնի փաստաթուղթերու արտահոսքի համար:
Բրիտանական Ներքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը յայտնած է, որ նախարարը «պիտի ստորագրէ արտայանձնման հրամանը` անոր թողարկումը խոչընդոտող պատճառներու բացակայութեան պարագային»: Ասանժը 14 օր ունի որոշումը բողոքարկելու համար:
WikiLeaks-ը իր հերթին ըսած է. «Բրիտանական ներքին գործոց նախարարին կողմէ Ասանժը Միացեալ Նահանգներուն արտայանձնելու խնդրանքը վաւերացնելը ճանապարհին վերջը չէ», յաւելելով, որ «մենք օրինական ճանապարհով պիտի բողոքարկենք Մեծն Բրիտանիոյ ներքին գործոց նախարարին կողմէ Ասանժի արտայանձնման խնդրանքին հաստատումը»:
Անցեալ տարուան Մարտին Մեծն Բրիտանիոյ Գերագոյն դատարանը մերժեց դիտարկել Ասանժի խնդրանքը` զինք չյանձնել ԱՄՆ-ին, որ կը փափաքի դատել զայն «հսկայական քանակութեամբ գաղտնի փաստաթուղթերու արտահոսքի» մեղադրանքով:
Եթէ Ասանժը դատեն ԱՄՆ-ի մէջ, անոր կը սպառայ մինչեւ 175 տարուան բանտարկութիւն: Անոր կողմնակիցների կարծիքով` այս դէպքը շատ վտանգաւոր յարձակում է լրատուամիջոցներու ազատութեան վրայ: