Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը յոյս յայտնած է, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն մեծ աշխոյժութիւն կը ցուցաբերէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ յուշարձաններու պահպանման հարցով, գրած է «ՌԻԱ Նովոստի» գործակալութիւնը։
Աղբիւրը կը մանրամասնէ, որ Լաւրովը նախօրէին զրուցած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ղեկավարի հետ՝ նշելով, որ «հարկաւոր է, որ կազմակերպութիւնը առկայ համաձայնագրերու համաձայն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ ատոր շուրջ մշակութային, քաղաքաղակրթային եւ կրօնական ժառանգութեան պահպանման հարցով առաւել նախաձեռնողական կերպով հանդէս գայ իր ծառայութիւններու կիրառման առաջարկութիւններով, որ կարեւոր ներդրում կ'ըլլայ այս հնագոյն տարածաշրջանին մէջ միջկրօնական, ազգամիջեան հաշտեցման եւ ներդաշնակութեան ապահովման համար»:
«Յոյս ունինք, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն այստեղ առաւել աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալէ, քան Սուրիոյ մէջ՝ նախ եւ առաջ Հալէպի եւ Փալմիրի մէջ՝ ի պատասխան մշակութային յուշարձաններու պահպանման վերաբերեալ ստացուած մեծաթիւ դիմումներու․ պարզ ըսած՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-էն մեր ընկերները իրենց այնքան ալ աշխոյժ չեն դրսեւորած»,- նկատած է նախարարը։