Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը Երուսաղէմի մէջ զբօսանքի ժամանակ այցելած է հայկական ձեռարուեստի գործերու յուշանուէրներու խանութ, ուր կը վաճառուին հայ վարպետներու պատրաստած Երուսաղէմի նշանաւոր յախճապակեայ իրեր:
Խանութին մէջ Երուսաղէմի հայուհիներէն մէկը Ֆրանսայի նախագահին ֆրանսերէնով պատմած է, որ յախճապակիի արուեստը Երուսաղէմ բերած են երեք հայ ընտանիք՝ Պալեանները, Օհաննէսեաններն ու Գարագաշեանները:
Նշենք, որ Ֆրանսայի նախագահը, տասնեակ երկիրներու ղեկավարներու հետ Երուսաղէմ է՝ մասնակցելու Հոլոքոսթի յիշատակին նուիրուած 5-րդ միջազգային համաժողովին: