image

ԱՄՆ-ի մէջ մահացած է Ցեղասպանութենէն ճողոպրած 109-ամեայ Աստղիկ Ալէմեանը

ԱՄՆ-ի  մէջ մահացած է Ցեղասպանութենէն ճողոպրած  109-ամեայ Աստղիկ Ալէմեանը

ԱՄՆ Մասաչուսեց նահանգի մէջ 109 տարեկան հասակին մահացած է Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած Աստղիկ Ալէմեանը:

Այս մասին կը յայտնէ Armenian Mirror Spectator-ը՝ նշելով, որ Աստղիկը 5 տարեկան եղած, երբ կորսնցուցած է ծնողներն  եւ եղբայրները եւ ամբողջովին որբացած։ Ան մինչեւ 12 տարեկան ապրած է Սուրիոյ մանկատուներէն մէկուն մէջ, որմէ յետոյ անոր հօրեղբայր Կարապետը իրեն եւ իր քրոջը՝ Աննային, օգնած է տեղափոխուիլ ԱՄՆ:

1980-ականներէն սկսած՝ Ալէմեանը ամէն տարի մասնակցած է Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած միջոցառումներուն, որ կը կայացուէր  նահանգի խորհրդարանէն ներս: 90 տարեկանին Աստղիկը ընտանիքին հետ միասին այցելած է Եգիպտոս եւ Սուրիա, ուր անցած է  իր մանկութիւնը: