image
Հրատապ լուրեր:

Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած բժիշկ Տիգրան Ալլահվերտի

Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած բժիշկ Տիգրան Ալլահվերտի

Բժիշկ Տիգրան Ալլահվերտի ծնած է 1860-ին,  Կոստանդնուպոլսոյ Ենիգափու թաղամասին մէջ, կեսարացի ընտանիքի մը յարկին տակ: Նախնական եւ միջնակարգ ուսումը ստացած է իր ծննդավայրի հայկական  եւ Սուլթանիէ դպրոցներուն մէջ:

Դեղագործութեան վկայական ստացած է 1882-ին  եւ սկսած է աշխատիլ Պոլսոյ Պահչէգափու թաղամասին մէջ:

1886-1895 բժշկութիւն ուսանած է Պոլսոյ Կայսերական բժշկական վարժարանին մէջ եւ  բժշկական վկայական ստացած է 1895-ին: Աւարտաճառը եղած է «Ժանտախտ»-ը, որ դասախօսական կազմին կողմէ մեծ գնահատանքի արժանացած է:

Ներքին հիւանդութիւններու մէջ մասնագիտական ուսման հետեւած է Պերլինի եւ Վիեննայի մէջ: Վերադարձած է ծննդավայրը եւ սկսած է գործել իբրեւ ներքին հիւանդութիւններու մասնագէտ:

Աշխատած է Թուրքիոյ  զանազան քաղաքներու մէջ` իբրեւ քաղաքային եւ զինուորական բժիշկ: Երկար տարիներ եղած է Պոլսոյ Գումգափու եւ Բերա շրջաններու թաղային բժիշկը:

Եղած է Պոլսոյ Կայսերական բժշկական ընկերութեան անդամ, Գումգափուի եւ Ֆերիգիւղի թաղային խորհուրդներու անդամ, Չորի թաղամասի Աղքատախնամ կազմակերպութեան ատենապետ, կեանքի վերջին տարիներուն` Գումգափուի 4 թաղամասերուն աղքատախնամի կազմին ատենապետը:

Բժշկական ասպարէզի կողքին, ունեցած է հանրային գործունէութիւն: Դասախօսած է Բերայի Աղքատախնամի հաստատած հիւանդապահութեան դասընթացքներու եւ Պոլսոյ չորս թաղերու ազգային վարժարաններուն մէջ:

Ֆրանսերէն լեզուով գրած է Պոլսոյ «Ստանպուլ» օրաթերթին մէջ:

Իզմիրլեան եւ Օրմանեան պատրիարքներու օրերուն եղած է ազգային երեսփոխան եւ Դատաստանական խորհուրդի անդամ, ինչպէս նաեւ` հայոց պատրիարքարանի ընդհանուր խորհուրդի անդամ:

Մեծ դերակատարութիւն ունեցած է  քոլերայի համաճարակի տարածման ընթացքին եւ մեծ յաջողութիւն արձանագրած է դարմանումի ուղղութեամբ:

Իր ծառայութիւններուն համար արժանացած է «Ուլայի զինուորական աստիճան»-ին:

Պարգեւատրուած է Մեճիտի, Օսմանլիէի եւ Լիագաթի պատուանշաններով, ինչպէս  նաեւ` Յունաստանի եւ Սերպիոյ կառավարութիւններու «Սեն Ժորժ» եւ «Սաւա» շքանշաններով:

1914-1918 ծառայած է թրքական բանակին մէջ` իբրեւ բժիշկ:

1915-ի ապրիլ 11-ին ձերբակալուած է ակնառու հայ մտաւորականներու հետ եւ բանտարկուած է Չանղըրըի բանտին մէջ: Յաջորդ օրը տեղափոխուած է Այաշի «Սարը գըշլա» զինուորական բանտը, ուր արգելափակուած մնացած է քանի մը ամիս: Իր անունը փորագրուած է պատմական «Համրիչ»-ին վրայ: Ան հրաշքով ազատած է ստոյգ մահէ:

Բանտէն ազատ արձակուելէ ետք վերադարձած է Պոլիս եւ երկար տարիներ աշխատած է իբրեւ բժիշկ, վարած է հանրային եւ ազգային գործունէութիւն:

Բժիշկ Տիգրան Ալլահվերտի մահացած է 26 յունուար 1930-ին, Պոլիս, 71 տարեկանին:

 

Համադրեց` Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան

Մոնրէալ, 26 ապրիլ 2023

 

Աղբիւրներ

1.- Մինասեան, Յարութիւն, բժիշկ, «Օսմանեան կայսրութիւնում եւ Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ», Երեւան, 20:

2.- Ուիքիփետիա, Տիգրան Ալլահվերդի:

3.- Մինասեան, Յարութիւն, «Հայազգի բժիշկ-գործիչներ», Երեւան, 2020: