image

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Խաչիկ Պօղոսեան

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Խաչիկ Պօղոսեան

Բժիշկ Խաչիկ Պօղոսեան եղած է ճանչցուած ազգային գործիչ, եռանդուն ու նուիրուած կուսակցական, յարգուած անձնաւորութիւն, հիւսիսային Սուրիոյ ՌԱԿ-ի ակումբներու ղեկավար, Հալէպի ՌԱԿ` պաշտօնաթերթի` «Եփրատ»-ի արտօնատէրն ու տնօրէնը, Բերիոյ (Հալէպի) թեմի Քաղաքական ժողովի ատենապետ: Գրած է շատ մը թերթերու եւ տարեցոյցներու մէջ բժշկական յօդուածներ:

 

Բժիշկ Խաչիկ Պօղոսեան ծնած է 1875-ին,  Կեսարիոյ Կերմիր գիւղը: Նախնական ուսումը ստացած է ծննդավայրին մէջ:

1895-96 ուսանած է Պոլսոյ Օսմանեան կայսերական բժշկական համալսարանին մէջ, սակայն ուսումը կիսատ ձգած է:

1896-1901 ուսանած է Զուիցերիոյ Լոզան քաղաքի համալսարանի բժշկական հիմնարկին մէջ:

1899-1900 ուսանած է Լոզանի Սըրիի հոգեբուժական հիւանդանոցէն ներս եւ մասնագիտացած է հոգեկան հիւանդութիւններու ծիրէն ներս եւ ստացած է համապատասխան վկայական: Նոյն հիւանդանոցին մէջ աշխատած է որպէս հոգեբուժ` 1900-1902: Հրաժարած է իր գործէն եւ այցելած է Գերմանիա ու Ֆրանսա: Ան եղած է Փարիզի եւ Զուեցերիոյ հոգեբուժական ընկերութիւններու անդամ:

1902-ին վերադարձած է Կ. Պոլիս, ուր ենթարկուած է հալածանքի` իր ունեցած ազգայնական հայեացքներուն պատճառով: Ան ձերբակալուած եւ աքսորուած է իր ծննդավայրը` Կեսարիա: Սակայն յաջողած է շուտով վերադառնալ Պոլիս:

1902-1906 որպէս օգնական հոգեբուժ աշխատած է Պոլսոյ Ս. Փրկիչ ազգային հիւանդանոցին մէջ: 1906-1915 նոյն հիւանդանոցին մէջ գործած է որպէս հոգեբուժ եւ ետքը` որպէս բաժանմունքի վարիչ: Հոն ամէն տարի բուժած է հոգեկան հիւանդութիւններէ տառապող մօտ 200 տղամարդ եւ 100 կին: Շրջան մըն ալ վարած է հիւանդանոցին բժշկապետի պաշտօնը:

1910-ին անդամակցած է Հայ սահմանադրական ռամկավար կուսակցութեան: Նոյն տարին ընտրուած է Կ. Պոլսոյ Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի անդամ եւ ազգային երեսփոխան: Նոյն պաշտօնին վերընտրուած է 1913-ին:

1910-ին նշանակուած է Պոլսոյ Գաղատիա թաղամասին Կեդրոնական վարժարանի խնամակալութեան անդամ: 24 ապրիլ 1915-ին բազմաթիւ հայ մտաւորականներու հետ ինքն ալ կը ձերբակալուի եւ կը բանտարկուի Կ. Պոլսոյ կեդրոնական բանտին մէջ եւ ապա կը փոխադրուի Չանղըրիի բանտ: Իր անունը փորագրուած է Չանղըրիի բանտին մէջ պատրաստուած համրիչին 99 հատիկներէն մէկուն վրայ: Ան ազատուած  է Չանղըրիի բանտէն եւ տանջանքներով հասած է Անգարա, եւ ապա` Հալէպ:

Բժիշկ Խաչիկ Պօղոսեան կը վերադառնայ Պոլիս եւ կ՛ըլլայ Կոմիտասի հոգեկան առողջութեամբ զբաղող առաջին հոգեբուժը:

1915-ին կը զօրակոչուի Օսմանեան բանակ, ուր կը ծառայէ որպէս զինուորական  բժիշկ:

1918-ին  զօրացրուած է բանակէն եւ վերադարձած է Պոլիս:

1923-ին տեղափոխուած է Հալէպ եւ գործած է որպէս հոգեբուժ:

1925-ին խումբ մը ազգայիններու հետ Հալէպի մէջ կը հիմնեն Հալէպի Հայ կարմիր խաչը

1935-էն մինչեւ իր մահը` 1955, ապրած եւ գործած է Հալէպի մէջ:  1935-ին Հալէպի մէջ հիմնադրուած Ազգ. Վերժին Կիւլպէնկեան մայրանոցի խնամակալութեան ատենապետը եղած է երկար տարիներ եւ ետքը`  պատուաւոր նախագահը:

Բժիշկ Խաչիկ Պօղոսեան եղած է ճանչցուած ազգային գործիչ, եռանդուն ու նուիրուած կուսակցական, յարգուած անձնաւորութիւն, հիւսիսային Սուրիոյ ՌԱԿ-ի ակումբներու ղեկավար, Հալէպի ՌԱԿ` պաշտօնաթերթի` «Եփրատ»-ի արտօնատէրն ու տնօրէնը, Բերիոյ (Հալէպի) թեմի Քաղաքական ժողովի ատենապետ: Գրած է շատ մը թերթերու եւ տարեցոյցներու մէջ բժշկական յօդուածներ:

Մահացած է Հալէպ, 1955-ին:

Համադրեց` Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան
Մոնրէալ, 17 մայիս 2023

Նիւթը՝ «Ազդակ»էն

Աղբիւրներ`

1.- Ալպոյաճեան Արշակ, «Պատմութիւն հայ Կեսարիոյ», Բ. հատոր, Գահիրէ, 1937:

2.- Աւագեան Կարինէ, «Չանղըրըի 1915 թ. ապրիլի 11, յիշատակ»… Թանգարանային ցուցանմուշը, «Հանդէս Ամսօրեայ», 2008:

3.- Աւագեան Կարինէ, «Եղեռնայուշ մասունք կամ խոստովանողք եւ վկայք խաչի», Երեւան, 2002:

4.- Ազգային հիւանդանոցի մէջ պաշտօնավարած բժիշկները. «Ընդարձակ տարեգիրք Ազգային հիւանդանոցի», Պոլիս, 1939:

5.- «Եղեռնէն վերապրող հալէպահայ գաղութին երախտաւորը – տոքթ. Խաչիկ Պօղոսեան (1875-1955)», կազմող` Թորոս Թորանեան, խմբագիր` Վաչէ Ղազարեան, Նիւ Եորք, 2009:

6.- Ընդարձակ օրացոյց Ս. Փրկչեան հիւանդանոցի հայոց, Կ. Պոլիս, 1905:

7.- Մինասեան Յարութիւն, «100 հայ հոգեբուժներ. կենսագրական բառարան», գիրք Բ., Երեւան, 2004:

8.- Մինասեան Յարութիւն, «Օսմանեան կայսրութիւնում եւ Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ», Երեւան, «Լուսաբաց», 2014, 520 էջ:

9.- Յարման Արսէն, «Հայերը օսմանեան առողջապահութեան ծառայութեան մէջ եւ պատմութիւն Սուրբ Փրկիչ հայոց հիւանդանոցի» (թրքերէն), Պոլիս, 2001:

10.- Յուշամատեան, Խաչիկ Պօղոսեան, Նանի Թնճուկեան հաւաքածոյ – Պըրլինկէյմ, Քալիֆորնիա:

11.- Պալաքեան Գրիգորիս ծ. վրդ., «Հայ գողգոթան», Երեւան, 1991:

12.- Ուիքիբեդիա, Խաչիկ Պօղոսեան:

13.- Wikiwand, Խաչիկ Պօղոսեան: