Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումը խոր վիշտով կը գուժէ իր երկարամեայ անդամներէն տիկին Աստղիկ Ապունայեանի մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 29 փետրուար 2024֊ին, Պէյրութի մէջ։
Տիկին Աստղիկ Ապունայեանը երկար տարիներ նուիրուածութեամբ եւ անվերապահ ծառայութեամբ անդամակցած է Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումին։
Ան անսահման հաւատք եւ խորունկ սէր ունէր Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ առաքելութեան եւ անսասանութեան։
Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումը խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնէ տիկին Աստղիկ Ապունայեանի ընտանեկան պարագաներուն, ի մասնաւորի Սինթիա Մենտիլեանին եւ դուստր Ճիանինային։
Յիշատակը անթառամ մնայ. խունկ և աղօթք իր շիրիմին։
Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբում