image

«Քորոնա» ժահրէն 5-րդ մահը գրանցուած է Հայաստանի մէջ

«Քորոնա» ժահրէն 5-րդ մահը գրանցուած է Հայաստանի մէջ

«Նորք» վարակաբանական հիւանդանոցին մէջ արձանագրուած է մահուան դէպք։ Առողջապահութեան նախարարութեան խօսնակ Ալինա Նիկողոսեանը կը տեղեկացնէ, որ հիւանդը ունեցած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութիւն։

«68-ամեայ հիւանդն ունեցած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութիւն, հաստատուած երկկողմանի թոքաբորբ։ Բացի անկէ՝ քաղաքացին ունեցած է ուղեկցող խրոնիկ հիւանդութիւններ»,- նշուած է Նիկողոսեանի գրառման մէջ։