Այսօր Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Փութինի հանդիպումը, որու ընթացքին անդրադարձ եղած է քաղաքական երկկողմ յարաբերութիւններուն ու տնտեսական գործակցութեան:
Ռուսիոյ նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է ՀՀ վարչապետին այցի համար:
«Շնորհակալութիւն, որ Դուք եկած էք. մեզի համար հնարաւորութիւն ստեղծուած է միջազգային մարզական իրադարձութեան առընչութեամբ խօսիլ երկկողմ հարցերու շուրջ»,- ըսած է Փութինը:
Իր հերթին, Հայաստանի վարչապետը շնորհաւորած է Պութինը Ռուսիոյ օրուան եւ առաջիկայ ֆութպոլային տօնի կապակցութեամբ:
Վարչապետը իր խօսքի մէջ ընդգծած է. «Այն յայտարարութիւնները, որոնք արուել են մէկ ամիս առաջ, ոչ միայն հիմնաւոր էին, այլեւ հիմա իրացւում են: Ի հարկէ, Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ առանձնայատուկ յարաբերութիւններ կան: Վստահ եմ, որ այդ յարաբերութիւնները կը շարունակեն լինել այդպիսին, եւ դրանք կը դառնան էլ աւելի առանձնայատուկ»: