Շատեր կը շարունակեն յիշել իր անունը։ Ան, որ մեծ ճիգեր գործադրեց եւ լիբանանահայութեան համար բազմակի իմաստներ ունեցող այսօրուան Պուրճ Համուտի առաջին քարերը մէկ առ մէկ շարեց։
Այսօր Պօղոս Արիսի յիշատակի օրն է...
Արդարեւ 60 տարիներ առաջ ճիշդ այս օրուան պէս՝ 26 յունուար 1961 Հայր Պօղոս Արիսի յոգնատանջ մարմինը կը յանձնուէր Պէյրութի օտարական հողին։
Ի դէպ այսօր Հայր Պօղոս Արիսի մասին կարճ գրութիւն մը ներկայացուցած էր Only in Lebanon դիմատետրի էջը, մասնաւորապէս գրելով ՝ «1961 թուականի Յունուար 21-ին իր աչքերը յաւերժին մէջ փակեց Հայր Պօղոս Արիսը. Ան 73 տարեկան էր։
Ան էր, որ կառուցեց Պուրճ Համուտը 30 տարուայ ընթացքին: Չնայած, որ ան ունէր մեծ հնարաւորութիւններ կ՚ապրէր ճգնաւորի կեանքով, եւ գիրքերով լեցուած իր մենակեացի սենակին մէջ։ 1929 թուականէն սկսեալ հայր Պօղոս Արիս իր ամբողջ հնարաւորութիւնները յատկացուցած է ճանապարհներ փորելով, ջուր, եւ ելեկտրական հոսանք տեղադրելով ։ Հիանալի մարդ էր ան, որ երբեք ալ չընկրկեցաւ որեւէ տեսակի դժուարութեան առջեւ»։
Յաւերժ յիշատակ Պուրճ Համուտի հիմնադիրներէն համարուող՝ Հայր Պօղոս Արիսին։