image
Հրատապ լուրեր:

Խմբագրական «Մասիս»ի. Դժգոհութիւններ կան, բայց իշխանափոխութեան պահանջ չկայ

Խմբագրական «Մասիս»ի. Դժգոհութիւններ կան, բայց իշխանափոխութեան պահանջ չկայ

Ժամանակէ մի ի վեր, ընդդիմադրութեան քոչարեանական եւ սերժական թեւերը զիրար կը մեղադրեն՝ Նիկոլ Փաշինեանին դէմ պայքարին մէջ բաւարար չափով արմատականութիւն չցուցաբերելու մէջ։ Սերժ Սարգսեանի կողմնակից՝ «Պատիւ Ունեմ»-ը  կը պահանջէ, որպէսզի Ազգային Ժողովէն ներս աւելի մեծ խմբակցութիւն ունեցող Քոչարեանի գլխաւորած «Հայաստան» դաշինքը միանայ իրենց նախաձեռնած՝ վարչապետին անվստահութիւն կամ ինչպէս իրենք կ՛ըսեն՝ «իմբիչմընթ» յայտնելու գործընթացքին, միասնաբար հասնելու համար իշխանափոխութեան։

Ամիսներէ ի վեր կողմերուն միջեւ այս հարցի շուրջ տեղի կ՛ունենային հրապարակային մեղադրանքներ, երբեմն նոյնիսկ հասնելով անհատական վիրաւորանքներու։ Քոչարեանականները կ՛առարկէին, որ նախ պէտք է ապահովել  անհրաժեշտ՝ 54 պատգամաւորի համաձայնութիւնը ու անոր զուգահեռ բարձրանար փողոցային բողոքի լայն ալիք։ Սակայն, ե՛ւ մէկը ե՛ւ միւսը դժուար իրագործելի նպատակներ կը մնան ընդդիմադրութեան համար, որոնք միասնաբար ունին 34 պատգամաւոր, որ բաւարար չէ նոյնիսկ հարցը Խորհրդարանի օրակարգ մտցնելու համար։

Հակառակ այս փաստին, «Պատիւ Ունեմ»-ը օգտագործելով ընդդիմադիր խմբակցութեան իր իրաւունքը, Խորհրդարանէն ներս կազմակերպած էր  բաց լսումներ, կարծէք թէ աւելի շատ նպատակ հետապնդելով «Հայաստան» դաշինքը մատնելու նեղ կացութեան։ Այս վերջինները անդրադառնալով, որ հրապարակը ձգելով հանրապետականներուն, կրնան կորսնցնել իշխանութիւններուն դէմ բողոքող զանգուածի համակրանքը ու յառաջիկայ տարի տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն զիջելու այժմ իրենց ունեցած երկրորդ ուժի դիրքերը, անակնկալ կերպով ներկայացան Խորհրդարան, յայտարարելու համար որ կը միանան Փաշինեանին հեռացնելու այս գործընթացքին։

Լսումներու ընթացքին ելոյթ ունեցողները Վարչապետը կը մեղադրէին «Ազգային ճգնաժամի եւ կառավարման ձախողման» մէջ հակառակ, որ ժողովուրդի մօտ լայնածաւալ բողոքի տրամադրութիւններ չկան, ինչպէս որ էր 2018 թուականին։ Այդ փաստուած է վերջին տարիներուն  կազմակերպուած բոլոր շարժումներու ընթացքին եւ անգամ մը եւս շեշտուեցաւ լսումներուն օրը, երբ Ազգային Ժողովի շէնքին առջեւ հաւաքուած էին մի քանի տասնեակ մարդ, հակառակ որ խոշոր պաստառի վրայ կը սփռուէին ներսի ելոյթները։

Այս պայմաններուն տակ, յառաջիկայ Յունիսին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն իշխող՝ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը կը յաւակնի ստանալ աւելի մեծ թիւով քուէներ՝ քան նախորդ ընտրութիւններուն։ Այս անգամ անոնք զինուած են նաեւ «Ուաշինկթընեան համաձայնութեամ», որ կը խոստանայ խաղաղութիւն ու տնտեսական բարգաւաճում ապահովել երկրին։

Ժողովրդավար բոլոր երկիրներու նման, Հայաստանի մէջ եւս կան դժգոհներ՝ կառավարութեան այս կամ այն որոշումին ու վարած քաղաքականութեան դէմ։ Սակայն, նոյն այդ դժգոհները պատրաստ չեն փողոց դուրս գալու ու իշխանութիւն փոխելու։ Ներկայիս, անորոշութիւն ու խարխափում կը տիրէ ընդդիմադիրներուն մօտ, որոնք մինչեւ օրս չկարողացան հասկնալ Հայաստանի քաղաքացիներուն բազկերակը, կամ ճիշդ ձեւով ընկալել անոնց տրամադրութիւնները։ Մինչեւ այն ժամանակ, երբ ընդդիմադրութեան երկու թեւերու ղեկավարները կը շարունակեն մնալ Ռոպերդ Քոչարեանն ու Սերժ Սարգսեանը, որոնք հասարակութեան համար ընդունելի կերպարներ չեն, Փաշինեանին փոխարինելու բոլոր գործընթացները ներառեալ անվստահութիւն յայտնելու այս վերջին փորձը դատապարտուած են ձախողութեան։

Յաջորդ խորհրդարանական ընտրութիւնները պէտք է կայանան ո՛չ թէ ներկայ եւ նախկին իշխանութիւններուն միջեւ, այլ՝ ներկայ ու նոր ուժերու միջեւ, որոնք նոյնպէս կը դաւանին  թաւշեայ յեղափոխութեան սկզբունքները ու պատրաստ են կառուցելու այդ սկզբունքներուն վրայ։

 

Գրիգոր Խոտանեան
«Մասիս»