image

Մեծ մը Լիբանանէն. Ոչ եւս է բեմադրիչ Պուրհան Ալաուիէն

Մեծ մը Լիբանանէն. Ոչ եւս է  բեմադրիչ Պուրհան Ալաուիէն


Օրերս Պելճիքայի մէջ սրտի կաթուածի հետեւանքով  կեանքէն հեռացած է   լիբանանցի յայտնի բեմադրիչ՝ Պուրհան Ալաուիէ: 

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Ալ Շարք Ալ Աուսաթ կայքէն:

Աղբիւրը նշած է, թէ իր  ողջ կեանքը  բեմարուեստին  նուիրած  Ալաուիյէ  մեծապէս ըմբռնած էր շարժանկարը, որպէս հարթակ ներկայացնելու  զինք յուզող համարաբական  հիմնահարցերը: Ան իր առաջին գործերուն մէջ իսկ հաւատարիմ էր իր սկզբունքներուն, ան ստեղծագործն էր արուեստի մը, որ հաւաքական խիղճին ու տառապած մարդկային դրսեւորումներու պատմումն էր:

Բեմադրիչին ինչպէս եւ իր սերնդակիցներու գործերուն մէջ  գերիշխող թեման լիբանանեան պատերազմն էր,  ու նաեւ արաբական խնդիրները։   Պաղեստինը իր սրտի խորքին մէջն էր, բեմադրիչի խօսքով՝ Պաղեստինն էր պատճառը, որ ան  մուտք  գործած էր այս ասպարէզ:Ալաույէ այնքան ալ մեծ ու ճոխ շարժանկարներու հեղինակը չէ, բայց իր գործերը անգամ մը դիտողը այլեւս անկարելի կ'ըլլայ մոռնալ զանոնք: 

 Անոր անմոռանալի շարժանկարներէն է 1975-ին նկարահանուած «Քաֆար Քասեմ»ը, որ արժանացած է զանազան մրցանակներու: Ան կը պատմէ այն կոտորածի մասին, զոր գործադրած են իսրայէլացիք Յորդանանի սահմանակից Քաֆար Քասեմ գիւղին մէջ, Եգիպտոսի վրայ եռակողմանի յարձակումին օրը: 

Պուրհան Ալաուիէ ծնած է 1941-ին Հարաւային Լիբանանի Առնուն գիւղաքաղաքը, անդամակցած է Համայնավար կուսակցութեան, ուսանած է շարժանկարներու բեմադրութիւն եւ աշխատած է, որպէս բեմադրիչի օգնական «Լիբանանի  պետական հեռատեսիլ»ի մէջ: 1967-ին Իսրայէլի հետ պատերազմին արաբական կողմի պարտութենէն ետք, ան նուիրուած է բեմադրելու գործեր, ուր դրսեւորած է քաղաքական ու մշակութային իր գաղափարախօսութիւնը:Ալաուիէ մեկնած է Պելճիքա կատարելագործելու ուսումը: 1973-ին բեմադրած է կարճ շարժանկար՝  «Պաստառ ընդդէմ պաստառի», ապա «Ֆորեար» անունով շարժանկարը: 1989-1990-ին պատրաստած է վաւերագրական շարժապատկեր եգիպտացի ճարտարապետ՝ Հասան Ֆադհիի մասին: Իր շարժանկարներէն է նաեւ «Պէյրութ-հանդիպում» (1982), «Խաւար գիշերին» (1992), «Քեզի, ուր որ ես» (2000), «Վերաջացաւ» (2006), «Ծոցի պատերազմէն ետք» եւ «Գողը»:

1982-ին, երբ Իսրայէլ ներխուժած է Լիբանան, Ալաուիէ գաղթած է Փարիզ, ուր նկարահանած «Նամակ մը աքսորի ժամանակէն» եւ «Նամակ մը պատերազմի ժամանակէն  գործերը։ 

Հակառակ որ բեմադրիչը իր կեանքի մեծ մասը ապրած էր Լիբանանէն դուրս, բայց անոր սիրտն ու հոգին մնացած  են իր ծննդավայրին մէջ։