image

Թուրքիան միտումնաւոր կերպով կտրած է Հասիչէի ջուրը. Մենք տագնապի մէջ ենք.Հասիչէի թաղական ՝Արմէն Նալպանտեան

Թուրքիան միտումնաւոր կերպով  կտրած է  Հասիչէի  ջուրը. Մենք  տագնապի մէջ ենք.Հասիչէի թաղական ՝Արմէն Նալպանտեան

Սուրիոյ Հասիչէ (Հասաքէ) քաղաքի ներկայ իրավիճակին մասին «Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ թաղականութեան ատենապետ՝ Արմէն Նալպանտեանը:


- Ի՞նչ է վիճակը Հասիչէի մէջ. ինչ են ձեր դժուարութիւնները

Մեր հիմնական խնդիրը այն է, որ արդէն 17 օրէ , ջուրի տագնապ ունինք, Թուրքիան ջուրը կտրած է, բոլոր ժողովուրդը ներառեալ հայ ընտանիքները կը տառապինք ջուրի պակասէ։Երկրորդ խնդիրը՝ ելեկտրականութիւնն է, որ չափէն աւելի քիչ կը տրուի։ Երրորդը՝ սղութիւնն է, անբնական սղութիւն, անշուշտ տոլարի արժոյթին սակի բարձրացման պատճառաւ: Առաւել նաեւ սահմանը փակ է, հետեւաբար ոչ առեւտուր կայ եւ ոչ գործ: Ունինք հացի տագնապ, շատ մեծ դժուարութեամբ հազիւ կը կարենանք տրցակ մը հաց ձեռք ձգել: Իսկ հինգերորդ հարցը՝ դեղերու տագնապն է, թէ՛ սուղ են եւ թէ՛ չեն գտնուիր:

 

- Ջուրի հարցին վերաբերեալ, ինչ է պատճառը:

Պատճառը, որ թուրքերը գրաւած են Ռաս Ուլ Այնը, եւ մեր ջուրերու հորերը այն կողմերը ըլլալով, անոնք ձեռք դրած են այդ հորերուն վրայ:  Թուրքիան  եւ անոր հետեւորդ հրոսակները  միտումնաւոր կերպով   կը կտրեն  մեր ջուրը  եւ այդ կերպ  կուզեն ընկճել մեզ։

 

- Այս օրերուս ինչքա՞ն է Հասիչէի հայութեան թիւը:

Մենք Հասիչէի մէջ 86 հայ ընտանիք ենք, մօտաւորապէս 325-350 հոգի: Ունինք եկեղեցի, դպրոց ալ ունինք, ներկայիս «Քորոնա»ի պատճառաւ փակ է դպրոցը: «Քորոնան» մեր քով տարածուած է, շատ վարակակիրներ ունինք, փառք Աստուծոյ, որ հայ վարակակիրներ չկան մինչեւ հիմա, բայց կը վախցուի, որովհետեւ «Քորոնա»յի հարցը շատ լուրջ է Հասիչէի մէջ:

 

- Այս բոլոր դժուարութիւններուն ի տես, ինչ կը մտածեն Հասիչէի մեր հայրենակիցները.արդեօք Հայաստան ներգաղթելու մասին մտածողներ կա՞ն։

Մինչեւ հիմա այդպիսի տրամադրութիւն չկայ, թերեւս ժողովուրդը անկարող է նոյնիսկ մտածելու.ժողովուրդը կ'ուզէ, որ այս դժուար օրերը անցնին։ Վերջը թերեւս սկսի ուրիշ լուծումներու մասին մտածել: Հիմա այնքան հարցեր կան, ինչպէս վերը յիշեցի, «Քորոնան», ջուրը, ելեկտրականութիւնը, սղութիւնը, հացը, այս բոլորը դեր կը խաղան, որ Հասիչէի հայը չկարողանայ այսօր մտածել որեւէ լուծումի մասին, արդէն ձեռքը լուծում ալ չկայ: Հիմա որ Հասիչէի սահմանն ալ գոց է, եւ նոյնիսկ Գամիշլի երթալու դիմաց արգելքներ կան եւ ձեւով մըն ալ պաշարուած ենք:

 

- Ըսիք, որ ինչ որ կերպ պաշարման տակ էք, արդեօք ձեզի պէտք եղած օժանդակութիւնները տեղ կը հասնին:

Բերիոյ թեմը երբեք ճիգ չխնայեր մեզի օգնելու, միշտ օգնութիւններ կ'ուղարկէ իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ, ըլլայ նիւթական, ըլլայ ամէն տեսակի պէտքեր, միշտ մեր մասին կը մտածէ: Օրական կապի մէջ ենք Բերիոյ Թեմի մեր Առաջնորդ Սրբազան ՝ Տ. Մասիս եպս. Զօպուեանին հետ, շրջանի կազմակերպական մարմին հետ, ըլլայ Հալէպի, ըլլայ նաեւ Գամիշլիի մէջ։ Մեր մարմինները յաճախակի կերպով կը հետաքրքրուին թէ ինչ դժուարութիւններ ունինք, ինչ կարիք ալ ունենք կը փորձեն հետեւողականօրէն ապահովել ու օգտակար կ'ըլլան մեզի:

 

- Ձեր վերջին խօսքը։

Կը փափաքիմ, որ համայն աշխարհի հայութիւնը հետաքրքրուի այս 86 ընտանիքով, մենք պէտք ունինք դեղի, նաեւ նիւթական օժանդակութեան, որովհետեւ այլեւս տնտեսապէս տկարացած ենք: Եւ ձեռք ձեռքի Բերիոյ Թեմին հետ մեզի օգտակար դառնան: