image

Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը Նախիջեւանի մէջ զօրավարժութիւն կը կատարեն

Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը Նախիջեւանի մէջ զօրավարժութիւն կը կատարեն

Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը «Անսասան եղբայրութիւն-2025» եւ «Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրք-2025» անուանումով զօրավարժութիւններ պիտի կատարեն Նախիջեւանի մէջ: 

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ «Հասրեթ» կամուրջի վրայ տեղի ունեցած է դրօշներու յանձնման պաշտօնական արարողութիւն:

Համակարգչային աջակցութեամբ հրամանատարաշտաբային զօրավարժութիւնները պիտի կայանան յունիս 12-19-ը՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ զինուած ուժերու մասնակցութեամբ: Ըստ պաշտօնական յայտարարութեան՝ զօրավարժութիւնները միտուած են համախմբուածութեան ամրապնդման, դաշտայն հմտութիւններու զարգացման եւ երկու բանակներու ռազմավարական փոխգործակցութեան բարձր մակարդակի ցուցադրման: