image

«Եղածը երկրաշարժէն աւելի էր...» AFP-ի լրագրողը` Պէյրութի պայթումին մասին

«Եղածը երկրաշարժէն աւելի էր...»  AFP-ի լրագրողը` Պէյրութի պայթումին մասին

Պէյրութը ցնցած   պայթումին     մասին  նոր տեղեկութիւններ կը հասնին։

Նախնական տուեալներով,  տեղի ունեցած     պայթումին տարողութիւնը եղած է  շատ  մեծ եւ նոյնիսկ  աննախադէպ։

Կան տասնեակ  վիրաւորներ,  պայթումը պատճառ  դարձած է  նաեւ   նիւթական մեծ վնասներու: 

Պայթումին   ցնցումները զգացուած  են մայրաքաղաքի    շուրջ  եղող  տարբեր արուարձաններու  մէջ, իսկ  պայթումին մօտ եղող  շրջաններու շէնքերու   պատուհաններու   ապակիները  փշրուած են: 

Կան  տասնեակ  վիրաւորներ, իսկ երկրի  առողջապահութեան  նախարարութիւնը կոչ ուղղած է հիւանդանոցներուն՝   արագօրէն  ընդունիլ բոլոր վիրաւորները։

Ուշագրաւ վկայութիւն մը տալով,    Պէյրութի մէջ AFP-ի  լրագրողը  նշած է, որ  «պայթումը  աւելին  էր քան երկրաշարժը»:  Ան նաեւ նկատել տուած է, որ  պայթումը   մեծ վնասներ      տուած է ամբողջ  շրջանին։

Պայթումին  իրական պատճառներուն մասին կան մի քանի  վարկածներ,  սակայն   այդ  մասին     հաստատուած   տուեալներ դեռ կը պակսին։