image

Պէյրութի մէջ ՍԴՀԿ-ի քաղաքապետական եւ թաղապետական թեկնածուները

Պէյրութի մէջ ՍԴՀԿ-ի քաղաքապետական եւ թաղապետական թեկնածուները

Օրերս Լիբանանի տարածքին կայացող քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն ծիրին մէջ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի Վարիչ Մարմինը ընդունեց Պէյրութի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն Հնչակեան կուսակցութեան առաջադրած թեկնածուները եւ արծարծեց  յառաջիկային  որդեգրուելիք  գործելաոճը  կապուած  գալիք ընտրութեանց, ինչպէս նաեւ  քննարկումներ ունեցաւ հայաշատ թաղամասերու բնակչութեան կարիքներուն մասին։ 

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ  ՍԴՀԿ-ի դիմատետրեան էջէն:

Ստորեւ հրապարակուած լրատւութիւնը՝

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի Վարիչ Մարմինը մօտէն կը հետեւի Լիբանանի ամբողջ տարածքին կայացող քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն ու մասնաւորաբար հայաշատ քաղաքապետութիւններու ընտրական հոլովոյթին:

Այս ծիրին մէջ, գլխաւորութեամբ ատենապետ Ընկ. Վանիկ Տագէսեանին, ՍԴՀԿ Վարիչ Մարմինը ընդունեց Պէյրութի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն Հնչակեան կուսակցութեան առաջադրած թեկնածուներ Յովիկ Յակոբ Պուչաքճեանը եւ թաղապետ Արմէն Մելքոն Սէֆէրեանը:

Ժողովին ընթացքին անդրադարձ եղաւ Պէյրութի մէջ տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն եւ ընտրական նախապատրաստութիւններուն: Զրուցակիցները արծարծեցին ընդհանրապէս պէյրութցիներուն եւ մասնաւորաբար հայաշատ թաղամասերու բնակչութեան կարիքներն ու դիմագրաւած մարտահրաւէրները, շեշտելով քաղաքացիներուն կենսական կարիքները գոհացնելու ուղղութեամբ աշխատելու անհրաժեշութիւնը: Պուչաքճեան եւ թաղապետ Սէֆէրեան ընդգծեցին ՍԴՀԿ Վարիչ Մարմինին, ՊԷյրութի շրջանի մասնաճիւղերուն եւ յարակից միութիւններու վարչութիւններուն հետ համատեղ աշխատելու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ հնարաւորինս արագ իրականացնել զարգացումի միտող ծրագիրները: