image

Հայ յեղափոխական Վանայ Սարգիսի ծոռնուհին՝ Սթրազպուրկի քաղաքապետ

Հայ յեղափոխական Վանայ Սարգիսի ծոռնուհին՝ Սթրազպուրկի քաղաքապետ

Սթրազպուրկի նորընտիր քաղաքապետ Ժաննա Բարսեղեանը յեղափոխական գործիչ, ՀՅԴ անդամ Սարգիս Բարսեղեանի եւ Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան խորհրդարանի կին պատգամաւոր Պերճուհի Պարտիզպանեանի ծոռնուհին է։

Սարգիս Բարսեղեանը (իսկակակ անունով Սարգիս Օզաբաշեան) կրթութիւնը ստացած է Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցը, այնուհետեւ Ժընեւի համալսարանը։ Քրիստափորի հրահանգով թողած է ուսումը եւ վերջինիս հետ ժամանած Պաքու, ուր կազմակերպած է տեղեկատուական թերթօններու տարածումը հայազգի աշխատաւորներու շրջանին։

Անոր կինը՝ Պերճուհի Պարտիզպանեան-Բարսեղեանը նոյնպէս աշխոյժ հասարակական-քաղաքական գործունեութիւն վարած է: 

Պարտիզպանեանի պատմուածքները ամփոփուած են «Փոթորիկէն վերջ» ժողովածուին մէջ, իսկ կեանքի մանրամասները եւ յեղափոխական գործունէութեան մասին յուշերը  հայերէնով լոյս տեսած են 2016-ին՝  «Խանձուած օրեր»  խորագրով, Պէյրութի մէջ: 

Գիրքի շապիկին Սթրազպուրկի նորընտիր քաղաքապետի պապի` Արմէն Բարսեղեանի լուսանկարն է, որ եղած է իրաւաբան: Պապի օրինակով իրաւաբան դարձած է նաեւ թոռնուհին՝ Ժաննա Բարսեղեանը, որ ծնելով Փարիզ, հետագային տեղափոխուած է Սթրազպուրկ, զբաղուած է նաեւ բնապահպանական հարցերով: